«Թարաֆ» թերթի աշխատակից Սէրտար Գայա երէկ հրատարակած էր »Համաշխարհային մամուլի մէջ ցեղասպանութիւնը« խորագրեալ յօդուած մը, որ առաջին մասն էր երկու յօդուածներու: Յօդուածագիրը կը թարգմանէր կարգ մը տխուր լուրեր որոնք Նիւ Եոքս Թայմզ թերթի մէջ հրատարակուած են, եւ որոնք կը վկայեն ցեղասպանութեան նախորդող օրերուն փոքրամասնութիւններու դէմ կատարուածներու մասին: «Ասոնք ճշմարտութիւններ են, որոնք ընհանուր ճշմարտութիւններուն մէկ մասը միայն կը կազմեն«, կը գրէ յօդուածագիրը: Այնուհետեւ ան կը թարգմանէ տասը տարբեր լուրեր, տալով նաեւ անոնց մանրամասնութիւնները: Որո՞նք են այդ լուրերը: Ահաւասիկ անոնցմէ մէկ քանին.
Թուրքերը 100 հազար յոյն սպաննեցին Իզմիրի կողմերը: Անոնց միջեւ կը գտնուէին մանուկներ, կղերականներ, ծերունիներ: Մարդասպաններու խումբ մը յարձակեցաւ գիւղին վրայ, թալանեց ու սպաննեց: 3800 յոյներ թողուցին ու Սէլանիկ փախան: Թուական` 17 Յունիս 1914:
Թուրքերը Քրիստոնեաներուն յանձնարարեցին խոյս տալ երկրէն: Թուրքերուն ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր այն վախին վրայ որ Համաձայնականներու Նաւատորմը կրնար անցնիլ Չանաքքալէի նեղուցէն: Գերման Հիւպատոսը Պալքանեան երկիրներէ մէկուն Իսթանպուլի ներկայացուցչին ազդարարեց որ եթէ Համաձայնականները շատ զօրեն նեղուցը, այն ատեն Թուրքերն ալ իրենց վրէժը կը լուծեն Քրիստոնեայ բնակիչները կոտորելով: Իսթանպուլի նախարարները այլեւս պահանջքը չեն զգար Քրիստոնեաներու նկատմամբ իրենց զգացումները թաքցնելու: Թուական` 11 Յունուար 1915:
Թուրքիոյ Քրիստոնեաները մեծ վտանգի ենթարկուած են: Քաղաքներու մէջ իսկ քրիստոնեաներու համար կացութիւնը վտանգաւոր դարձած է: Ներքին Նախարար Թալաթ պէյ Յունաց Պատրիարքարանի անդամներուն ըսաւ որ Թուրքիոյ մէջ այսուհետեւ միայն Թուրքերուն համար տեղ պիտի ըլլայ: Թուական 13 Յունուար 1915:
Ամբողջ դաշտը Հայոց դիակներով լեցուեցաւ: Ստացուած լուրերու համաձայն Թուրքերն ու Քիւրտերը սպանդներ կը գործեն առանց խտիր դնելու կիներու ու մանուկներու միջեւ: Թուական` 20 Մարտ 1915:
Նոր սպանդներ: Իզմիրի Հիւսիսային գաւառակներէն մէկուն մէջ 60 Քրիստոնեայ ընտանիք վայրագօրէն սպաննուեցաւ: Թուական` 22 Մարտ 1915:
Վանի մէջ Քիւրտերու ու Թուրքերու գործադրած վայրագութիւնը 1895-ին պատահածներուն մակարդակին հասած է: Քիւրտերն ու Թուրքերը Հայոց դիմաց միացած են ու Հայերը իրենց գտած բոլոր միջոցներով կը ջանան դիմադրել անոնց, միայն թէ անոնց պէտք է օգնել անյապաղ կերպով: Թուական` 18 Մարտ 1915:
Եւ այսպիսի բազմաթիւ լուրերու արձագանգ հանդիսանալէ վերջ Սէրտար Գայա սապէս կը խորհրդածէ.
Կը նշանակէ որ, ինչպէս Խորհրդարանի ատենագրութիւններուն մէջ ալ յստակօրէն արձանագրւած է, կառավարութեան կողմէ կազմուած հրոսախումբեր Անատոլուի զանազան շրջաններուն մէջ մեծ կամ պզտիկ սպանդներ իրագործած են: Երբ փոքրամասնութիւնները իրենց ամբողջ ունեցածը կը կորսնցնէին, ուրիշներն ալ անոնց թողած հարստութիւններուն վրայ կը նստէին: Կը նշանակէ որ ամէն ինչ Սփիւռքահայերուն կողմէ հնարուած հէքեաթ չէ եղեր: Կը նշանակէ որ Թուրք պետութեան յառաջ քշած հէքեաթներն ալ պէտք է հարցաքննուին եղեր: Այս օրինակները միայն մէկ մասը կը կազմեն: Պիտի շարունակեմ արձագանգ հանդիսանալ ուրիշ լուրերու ալ, որոնք շատ աւելի ծանրակշիռ ու սարսափազդու են: