Երէկ առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին եւ հանդիպում մը ունեցաւ իրեն հետ նախագահական ապարանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց նախագահին, որ իր կատարած այցելութիւններուն ճամբով Լիբանանի ներկայութիւնը եւ դերակատարութիւնը կը շեշտէ միջազգային համայնքին մէջ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի ու լիբանանեան սփիւռքի յարաբերութիւնը եւ գործակցութիւնը աւելի կ՛ամրապնդէ: Խօսելով Լիբանանի ներքին կացութեան մասին` վեհափառը ուրախութեամբ ողջունեց ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ միասնականութեան խորացման գծով առնուող քայլերը` նախագահին աշխատանքով:
Վեհափառը անդրադառնալով ապրիլ 24-ին յիշեցուց հանրապետութեան նախագահին, որ հայ ժողովուրդը կը պայքարի արդարութեան համար եւ մտահոգութեամբ կը հետեւի շրջանին մէջ Թուրքիոյ թափանցումներուն: Երեւոյթ մը, որ վտանգաւոր է ամբողջ շրջանին համար: Ապա վեհափառը տեղեակ պահեց նախագահը, որ յառաջիկայ օրերուն հովուական այցելութեամբ պիտի մեկնի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ապա Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն, եւ այս առիթով նաեւ հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պատասխանատուներու հետ:
Հանրապետութեան նախագահը իր ուրախութիւնը յայտնեց վեհափառին կատարած արժեւորումին ու գնահատանքին գծով` իր կարգին շեշտելով արտաքին աշխարհին հետ Լիբանանի յարաբերութեանց կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին միասնականութեան ամրապնդման հրամայականը: Այս առիթով նախագահը նաեւ դրուատիքով անդրադարձաւ Լիբանանի հայութեան ու անոր բերած կարեւոր նպաստին` Լիբանանի ծաղկման եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն: Յայտնենք, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ արծարծուեցան Լիբանանի ներքին կացութեան առնչուած հարցեր ու յատկապէս քննարկումի ընթացքին մէջ եղող ընտրական օրէնքը: