Հայ իրականութեան ներկայի ամենածանր տագնապը, անկասկած, Հայաստանէն արտագաղթն է: Յաճախ եւ արդարօրէն կը խօսուի երեւոյթին մասին՝ որպէս ազգային աղէտ. վերլուծումներ, ծուռ ու շիտակ ախտաճանաչումներ կը կատարուին, բայց համեմատաբար՝ շատ աւելի քիչ կը խօսուի այդ արտագաղթին պատճառած անհատական ողբերգութիւններուն մասին:
Վերոնշեալ խորագրին ետին, որ կը վերաբերի թուրք լրագրողուհի Էզկի Պաշարանի յօդուածին («Ռատիքալ», Մարտ 28), թաքնուած է այդ ողբերգութիւններէն դառն օրինակ մը, որ վեր է ամէն մեկնաբանութենէ:
Ստորեւ կու տանք թարգմանաբար:
Նարինէն՝ իր կեանքը շահելու համար տքնող այն հարիւր հազարաւոր Հայերէն (լրագրողուհին կ՚ակնարկէ Հայաստանցիներուն – «ՆՅ») էր, որոնք կը գործածուին որպէս քաղաքական խաղաքարտ: Գնաց:
Վարչապետ Էրտողան Օպամային ըսեր է, թէ՝ «Սա Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ամէն տարի օրակարգի մի՛ բերէք անդադար, խնդրեմ. ամէն տարի գարնանամուտին մեզ լարումներու մի մատնէք…»:
Օպամա ալ անոր ըսեր է, որ «Անշուշտ, իրաւունք ունիք, բայց գիտէք, քաղաքականութիւնը այսպէս է… Ինչ ընենք… ես ալ մինչեւ որոշ տեղ կրնամ միջամտել…»:
Նաեւ ըսեր է, որ «փոքրամասնութեանց վերաբերեալ ձեր նոր նախաձեռնութիւնները ի՜նչ լաւ եղան, ապրիք», եւլն…:
***
Վերջին շրջանին ամենէն մեծ թիւով գաղտնի (զինեալ) գործողութիւններ իրագործած՝ խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակակիր ԱՄՆ-ու նախագահն ու մարդկային իրաւանց «Քատտաֆի» մրցանակի դափնեկիր՝ Թուրքիոյ վարչապետը այս փոքր «Հայեր-փոքրամասնութիւններ»ու նիւթին վրայով՝ անցեր են բուն նիւթին՝ Սուրիոյ եւ Ասատի անցեալին, ապագային…
Մինչ Պոլսոյ մէջ ընտանիք մը մեծ ցաւով, ճարահատ, նստած՝ դուրսը կը դիտէր:
Հայաստանցի 21ամեայ Նարինէ Մկրտչեանի ընտանիքը… Եղբայրը՝ Ժորա, հայրը, եւ ցաւոտ լուրը առնելով՝ Երեւանէն շտապ եկած մայրը՝ Նունէ:
Հիմա լսեցէք պատմութիւնը: Նարինէն չորս տարի առաջ եկաւ. Գումգափը հաստատուեցաւ: Արծաթեղէն արտադրող գործատան մը մէջ կ՚աշխատէր: Սիրահարուեցաւ իրենց դրացիին տղուն՝ Օրհանին: Կը մտածէին ամուսնանալ:
***
Սակայն, Օրհան… ըստ երեւոյթին՝ անասնութեան եւ մարդկութեան միջեւ գտնուող երկար ճամբուն վրայ անհրաժեշտ ոստումները չէր կրցած կատարել, քանի Նարինէն նկարահաներ է մերկ վիճակի մէջ: Յաւելեալ… սպառնացեր էր, որ եթէ իր եղբօր հետ ալ չպառկի, տեսերիզը պիտի հրապարակէր համացանցի վրայ:
Նարինէ մերժեց անշուշտ: “Ուրեմն ինծի դրամ գտիր, թէ ոչ տեսերիզդ համացանցի վրայ կը յայտնուի” ըսելով՝ իր շանթաժը շարունակեց:
Օրհան եւ Պարըշ կոչեցեալ լկտիները, մէկ կողմէ՝ Նարինէն կը նեղէին, մէկ կողմէ ալ անոր եղբայրը՝ Ժորան եւս ներքաշելով պատմութեան մէջ, ծուղակին տրամագիծը կ՚ընդլայնէին: Մինչ Նարինէ կը փորձէր դրամ ճարել, իր գործընկերներէն կը փորձէր պարտք առնել… Պարըշ Ժորային ցոյց տուաւ քրոջ տեսերիզը… Ժորա տուն վերադարձաւ, յանդիմանեց Նարինէն, զայն ապտակեց…
Նարինէ յաջորդ առաւօտ՝ գործի ճամբելէ ետք հայրը եւ եղբայրը, սիանիւր խմեց…
Այդպէ՜ս ինկաւ տան միջանցքին մէջ:
Գաղափար ունի՞ք արդեօք ի՛նչպիսի մահ կը սպասէ սիանիւրով խեղդամահ եղողներուն…
***
Նարինէ եւ Ժորա այս սարսափելի դէպքին ոչ մէկ հանգրուանին կրցան ոստիկանութեան դիմել: Ոչ մէկէն կրցան օգնութիւն խնդրել: Որովհետեւ արձանագրութիւն չունէին: Չհամարձակեցան երկրէն արտաքսուելու վտանգը աչքի առնել, որովհետեւ դրամ շահելու կարիքը ունէին: Այս երկրին մէջ, ուր կը մնային «ոչ ոք»ի կարգավիճակով, պէտք է կարենային շարունակել աշխատիլ:
Նարինէ անձնասպան եղաւ: Յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ իր գործընկերներուն օգնութեամբ: Մերժեցին ցոյց տալ մահուան հետաքննութեան թղթածրարը եւ դիազննութեան տեղեկագիրը «Ակօս» թերթի փաստաբանին, որ տէր կանգնեցաւ Նարինէի եղբօր՝ Ժորային: Եւ ա՛յս, առանց որեւէ իրաւաբանական պատճառաբանութեան: Նպատակը յստակ է:
***
Ճիշդ երկու տարի առաջ, այս օրերուն, վարչապետ Էրտողան խօսելով հայկական բանաձեւերու մասին, սապէս ըսած էր. “Թուրքիոյ մէջ ապրող 170 հազար Հայերէն 100 հազարը Թուրքիոյ քաղաքացի չեն: Մենք սա պահուս բարեացակամութեամբ կը վերաբերինք անոնց հետ: Է՜ ի՞նչ պիտի ընեմ ես վաղը. եթէ հարկ ըլլայ, այս հարիւր հազարին ալ պիտի ըսեմ, որ վերադառնան իրենց երկիրը. ա՛յդ պիտի ընեմ»:
Անպաշտպան ձեւով՝ իր կեանքը շահելու տքնող, որպէս քաղաքական խաղաքարտ գործածուող այդ հարիւր հազարէն մէկն էր Նարինէ: Գնաց:
Այդ ընթացքին, Օպամա եւ Էրտողան արդէն ա՛յլ նիւթի անցած էին:
Պարըշ եւ Օրհան ալ դատախազին մօտ՝ ամբաստանութիւնները հերքելով զբաղած էին: Ձերբակալուեցան: Անոնց ճակատագիրը՝ Նարինէի մահը որպէս «յուսախաբ երիտասարդուհի»ի մը պատմութիւն մեկնաբանող դատախազէն եւ այս մթնոլորտէն կախեալ է: