Գերմանիոյ վարչապետուհին՝ Անկելա Մերքէլ, նոր օրէնսդրութեան մը նախապատրաստական աշխատանքներու շրջածիրին մէջ կոչ ըրած է երկրին քաղաքացիներուն, որպէսզի փոխանցեն՝ եթէ ունին թելադրութիւններ, որոնք զտման պիտի ենթարկուին համացանցային քուէարկման միջոցով:
Այսպէս, ներկայացուած է առաջարկ մըն ալ, որ կը նախատեսէ 1915ին՝ Օսմանեան կայսրութեան շրջանին Հայոց եւ Ասորիներու ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ անոր ժխտումին պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքի մը հաստատումը:
Մարտ 18ի երեկոյեան, թելադրուած բոլոր առաջարկներուն մէջ, քուէներու կարգով՝ այս մէկը կը գրաւէր երրորդ տեղը՝ 93.131 ձայնով:
«Նոր Յառաջ»