Եունուս Զէյրէքի՝ Հայերը վարկաբեկող «Այս թղթածրարը կը վերցնեմ» խորագրեալ ատելավառ գիրքին մասին գրած էինք մեր նախորդ թիւով: Անոր յարուցած աղմուկը Թուրքիոյ Կրթութեան նախարարութիւնը մղած է որոշում կայացնելու եւ յայտարարութիւն մը կատարելու:
Այդ յայտարարութեան մէջ ըսուած է, թէ գիրքը առաջին անգամ 1981ին, ապա 1984ին տպուած է Մշակոյթի նախարարութեան, աւելի վերջ՝ 2001ին ալ Կրթութեան նախարարութեան կողմէ: Ներկայի խնդրայարոյց տարբերակը, որ Քարթալի նահանգապետարանին կողմէ բաշխուած է շրջանի դպրոցներուն, տպուած է 2011ին՝ անձնական հրատարակչատան մը կողմէ: Նախարարութեան քննարկումներէն պարզուած է, որ այս վերջին տարբերակը ժամանակին՝ նախարարութիւններուն կողմէ կատարուած զոյգ հրատարակութիւններէն տարբեր է, յատկապէս Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք մամուլին մէջ լոյս տեսած գրութիւններով, նամակագրութիւններով եւ վիճարկումներով յագեցած բաժնով մը:
Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Գիրքին վերջին տպագրութիւններուն մէջ տեղ գտած այդ բաժինը ներկայացուած է ոխի, ատելութեան, թշնամութեան նման խնդրայարոյց մակարդակով, հետեւաբար գիրքը անպատեհ կը նկատուի երախաներու մօտ բացասական ազդեցութիւն գործելու առումով… Որոշուած է դադրեցնել առանց Կրթութեան նախարարութեան հրահանգին կատարուող գիրքերու բաշխումը, նաեւ քննութեան ձեռնարկել հարցին պատասխանատուներուն նկատմամբ»:
Նոր Յառաջ