«Նոր Յառաջն» իր այսօրվա համարում տեղեկացնում է.
Հօ-տը-Սէն նահանգի ընկերվարական ծերակուտական, Գլամարի քաղաքապետ Ֆիլիփ Քալթընպախ Ծերակոյտի «Ֆրանսա-Հայաստան» միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի նախագահ նշանակուած է:
Փետրուար 15ին տեղի ունեցած է իր գլխաւորութեամբ առաջին ժողովը:
Այս առթիւ խօսք առնելով, ան ըսած է, ի մէջ այլոց. «Շատ հպարտ եմ Ծերակոյտի «Ֆրանսա−Հայաստան» բարեկամութեան խումբի նախագահ նշանակուած ըլլալով: … Ֆրանսա Հայաստանի հաւատարիմ բարեկամն է: Զայն որպէս պետութիւն ճանչցող առաջին ազգերէն է: Մեր երկիրը Հայաստանի հետ խիտ եւ կուռ յարաբերութիւններ կը մշակէ: …Ջանք պիտի չխնայեմ, որպէսզի մեր երկու երկիրները միացնող սերտ յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի ամրապնդուին: …Ծերակոյտը, որ տեղական հաւաքականութիւններու ժողով մըն է, նաեւ պէտք է հսկէ, որ այդ հաւաքականութիւնները՝ ապակեդրոնացուած գործակցութեան ծիրին մէջ բազմապատկեն Հայաստանի հետ իրենց փոխանակումները: Որպէս Գլամարի քաղաքապետ՝ լաւ կը գիտակցիմ ատոր կարեւորութեան, քանի՝ 7 տարի առաջ մեր ստորագրած՝ Արտաշատի հետ զուգորդութեան կարեւոր դերը անհերքելի փաստ հանդիսացաւ: Անցեալ տարի, որպէս Իլ−տը−Ֆրանսի Ընդհ. Խորհուրդի միջազգային գործերու պատասխանատու փոխ−նախագահ, հաճոյքն ունեցայ գործակցութեան համաձայնագիր մը ստորագրելու Երեւանի հետ»:
Քալթընպախ Ծերակոյտի «Ֆրանսա-Հայաստան» միջխորհրդարանական բարեկամութեան խմբակի նախագահի պաշտօնին մէջ կը փոխարինէ Սերժ Լակօշը: