Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի ղեկավարած Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան եւ անոր քոյր կազմակերպութեան` Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդարանական աշխատանքային խմբակը հրապարակեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ փաստաթուղթ մը, որ ազրպէյճանամէտ ըլլալուն կողքին Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու վերջերս շրջանառութեան մէջ դրուած գաղափարին եւ տագնապը ՄԱԿ փոխադրելու հին-նոր երազին մասին մանրամասնութիւններ բացայայտեց:
Նշեալ աշխատանքային խմբակի անդամ գերմանացի երեսփոխանները իրենց կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն «Մինսքի խմբակին մէջ Ֆրանսան Եւրոպական Միութեամբ փոխարինելու ուղղութեամբ աշխատանք տանելու»: Այս կոչը ներշնչուած է Թուրքիոյ իշխանութեանց այն պնդումներէն, որ Ֆրանսայի ծերակոյտի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու օրէնքի որդեգրումէն ետք Ֆրանսա կորսնցուցած է իր անկողմնակալութիւնը եւ չի կրնար անաչառ միջնորդ մը ըլլալ:
Գերմանացի երեսփոխանները Մինսքի խմբակի համանախագահութեան կազմի փոփոխութեան պահանջով չբաւարարուելով կառավարութեան կը յանձնարարեն «Եւրոպական Միութիւնը օժտել Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յատուկ ներկայացուցիչով մը, որ օժտուած ըլլայ տագնապի կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու յստակ լիազօրութեամբ»: Ինչ որ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը շրջանցելու, անոր զուգահեռ միջնորդ մը ստեղծելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի թղթածրարը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ փոխադրելու փորձ մըն է, որուն իրականացումը Մինսքի խմբակի ձեւաչափին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի փոխզիջումային ու խաղաղ լուծման հեռանկարին մահը կը նշանակէ:
Խմբակը կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիան մղելու Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, ինչ որ դրական առաջարկ մը պիտի ըլլար, եթէ անիկա նպատակ ըլլար եւ ոչ թէ միջոց: Արդարեւ, գերմանացի երեսփոխանները կը նշեն, որ այդ քայլը պիտի արտօնէ, որ ռուսական ուժերը հեռանան Հայաստանէն եւ այդպիսով շրջանին մէջ զինարշաւը պիտի դադրի: Սակայն այդ ուժերուն ներկայութիւնը Ազրպէյճանի շղթայազերծած զինարշաւին դրդապատճառը չէ, իսկ անոնց բացակայութիւնը պիտի չդադրեցնէ զայն: Ուրեմն, այս կոչին նպատակը Հայաստանի ապահովական դիրքը տկարացնելն ու անկէ զիջումներ խլելն է:
Գերմանացի երեսփոխանները իրենց կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն «աջակցելու Թուրքիոյ, որպէսզի ան տագնապի լուծման մէջ աւելի շինիչ դերակատարութիւն ունենայ»: Այլ խօսքով` անոնք ոչ միայն Հայաստանի շրջափակումը շինիչ կը նկատեն, այլ կ՛ուզեն, որ Թուրքիա «աւելի շինիչ» դերակատարութիւն ունենայ: Իսկ եթէ շրջափակումը «շինիչ» է, Աստուած գիտէ, թէ «աւելի շինիչ»-ը ինչ կրնայ ըլլալ…: Ամէն պարագայի, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւն տալու գաղափարը ինքնին մերժելի է:
Ազրպէյճանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամակցութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հոլովոյթին եւ ուրուագծուող այս ծրագիրի յառաջադրման թայմինկները որքանո՞վ զուգադիպութիւն են: Յամենայն դէպս, Մինսքի խմբակի համանախագահութեան մէջ փոփոխութիւն կատարելու, խմբակին զուգահեռ տագնապի լուծման միջնորդ ու ձեւաչափ ստեղծելու, ինչպէս նաեւ տագնապի լուծման մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւն շնորհելու մտադրութիւնը շատ վտանգաւոր ծրագիր մըն է, որ պէտք չէ իրականանայ: Հարկ է զայն արմատէն խլել, այլապէս հայկական կողմը մօտիկ ապագային կրնայ ինքզինք գտնել խիստ անախորժ ու անբաղձալի կացութեան մը առջեւ:
«Ազդակ» 16 փետրուարի, 2012թ.