Երէկ, Յունուար 23-ին, առողջական պատճառով, տան մէջ բանտարկուած էի, երբ Փարիզի սրտին վրայ հաւաքուած էին Հայեր՝ անձկութեամբ սպասելով, որ Ծերակոյտը քննէ եւ քուէարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրէնքի նախագիծը:
Պատմութեան ընթացքին յաճախ հարուածուած հայութիւնը յաղթանակի ծարաւ ունեցած է եւ ունի՝ այն աստիճան, որ պարտութիւններն անգամ հոգեփոխութեան կ’ենթարկենք եւ ճառ կը ճառենք՝ «բարոյական յաղթանակ» պանծացնելով: Յիշենք Վարդանանքը…
Յունուար 2001-ին, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը բացած էր դուռը եւ քուէարկած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Կիսաբոլորակ ժողովասրահին մէջ ներկայ եղած էի եւ հետեւած վիճարկումներուն, եւ սրահէն յաճախ դուրս գալով, զեկուցած էի սրտատրոփ սպասող Հայերուն:
Իրարու յաջորդած էին երեսփոխանները՝ հիմնաւորելով իրենց տեսակէտները, եւ ապա քուէարկած: Ճանաչման յաղթանակ մըն էր, բարոյական յաղթանակ մը, բայց ոչ յափշտակուած իրաւունքի ճանաչման:
Սրահէն ելքին՝ երէց ազգային մը, իր ուրախութիւնը եւ յուզումը արտայայտելով, ըսած էր, երբ կը քալէինք կողք-կողքի, որ «Ֆրանսահայութիւնը հասած էր իր նպատակին»: Ժողովուրդի տրամաբանութեան մէջ, երբ կը բացակայի յստակութիւնը, հանգրուանը կը շփոթուի նպատակին հետ: Այդ էր ազնիւ հայրենակիցի միտքին մէջ եղած շփոթը:
Յետագային Ծերակոյտը, իր կարգին, բազմաթիւ խուսանաւումներէ ետք, քուէարկած էր ճանաչումը՝ իր պարզացուած եւ պարզագոյն տարազաւորումով, ըստ որուն «Ֆրանսան կը ճանչնար 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը», եւ Հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը, Ժագ Շիրաք եւ Լիոնէլ Ժոսփէն, ստորագրած էին ընդունուած որոշումը օրէնքի վերածող հրամանագիրը:
Տասը տարի ետք, ցեղասպանութեան ենթարկուած միւս ժողովուրդին հանդէպ որդեգրուած լրացման օրէնքին հետեւութեամբ, որ պատժելի կը դարձնէր ուրացումը, Հայութիւնը հետապնդեց, որ իր կարգին եւս, ուրացումը դասուի քրէական յանցանքի գլխուն տակ:
Չէի կրցած ներկայ ըլլալ զօրակցութեան ցոյցին, սակայն չիք չարիք առանց բարիքի. շնորհիւ հեռատեսիլի բարիքին՝ հետեւեցայ Ծերակոյտի նիստի մեծ մասին եւ բազմաթիւ ծերակուտականներու արտայայտութեան: Օգտակար պիտի ըլլայ պատմութեան համար, այդ ելոյթները՝ դէմ եւ թեր, հրատարակել՝ հայերէնով, ֆրանսերէնով, անգլերէնով, արաբերէնով, սպաներէնով եւ թրքերէնով:
Յաճախ ըսած եւ գրած եմ, որ ցեղասպանութիւնը ընթացքի մէջ է, կը շարունակուի:
Մեծ գոհունակութեամբ լսեցի այս հարցով արտայայտուող ծերակուտականները, երբ անոնք կ’ընդգծէին, որ իրենց հողէն հեռացուածները, ապաստանելով տարբեր երկինքներու տակ, կը կորսնցէին իրենց լեզուն: Ըսուեցաւ, որ լեզուն ինքնութեան պահպանութեան առանցքն էր: Եթէ լեզուն կորսուի, ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի եւ կը հասնի իր եզրայանգման:
Այս շարունակուող ցեղասպանութիւնը ուրացումէ աւելին է, բայց անոր քրէականացման համար ո՞ւր եւ որո՞ւ պէտք է բողոքել: Կ’ենթադրեմ, որ պէտք է նայիլ հայելիին մէջ:
Երբ Հանրապետութեան նախագահը եւ վարչապետը օրէնքի հրամանագիրը ստորագրեն, մենք, ազգովին, պիտի ընդգրկուի՞նք երրորդ հանգրուանի աշխատանքին մէջ՝ վերականգնելու համար բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի աքսորական աշխարհաբարը, որուն համար կ’ըսուի, թէ անհետացման վտանգ կ’ապրի:
Երրորդէն ետք՝ չորրորդ կամ զուգահեռ հանգրուաններ ալ կան, որոնք առաջիններուն հետ առաջին պէտք էր որ մնացած ըլլային: Դադրեցանք իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան ընկերացնելէ հիմնական եւ պարզագոյն հարցումը, «Ինչո՞ւ ցեղասպանութիւն գործուեցաւ» եւ եւ անոր շեշտակի պատասխանը՝ «Հողի համար»: Այլ խօսքով՝ հանգրուանը պէտք չէ շփոթել նպատակին հետ, եւ ինչպէս Ֆրանսացին կ’ըսէ մեծ իմաստութեամբ, որ «ծառը պէտք չէ ծածկէ անտառը»:
Հեռատեսիլի լրագրողը բազմաթիւ կարճատեւ հարցազրոյցներ ունեցաւ ծերակուտականներու հետ: Արտայայտուեցան դէմ եւ թեր կարծիքներ: Ընդունուած իրողութիւն է, որ Ծերակոյտը աւանդականօրէն իմաստուններու խորհուրդ մըն է:
Բայց ինչպէս ամենուրէք, հոն եւս կան բացառութիւններ:
Խորապէս ցաւեցայ, երբ ծերակուտական մը բացատրեց, որ քննուող օրէնքը անտեղի է, քանի որ «հարիւր տարի անցած է արդէն եւ Ֆրանսան կարիք ունի Թուրքիոյ՝ որպէս առեւտրական գործընկեր»…
Մարդն ու մարդկային օրէնքը կարելի՞ էր այս աստիճան ստորադասել օրացոյցին եւ նպարավաճառատան: Ծերակոյտի բարոյական հեղինակութիւնը նսեմացնող արտայայտութիւններուն դէմ օրէնք կա՞յ…
Հանդիսութեան մը ընթացքին, քիւրտ մտաւորական մը, իրեն ընծայուած պատիւը ընդունելու պահուն ըսած էր. «Կը յուսամ որ այս չի տրուիր որպէս ընդհանուր հաշուեփակ»:
Մենք ալ, այսօր իսկ, պիտի ըսե՞նք համայն աշխարհին, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), որ ուրացման քրէականացումը «ընդհանուր հաշուեփակ» չէ, solde de tous compte…
Է՞ թէ ոչ: Ի՞նչ պիտի ըսենք մենք: Ո՞ր պատասխանին համար:
Յակոբ Պալեան
«Բագին» գրական հանդէսի խմբագրապետ, 2012, Յունուար 24,
«Նոր Յառաջ», Յունուար 31, թիւ 320: