Ֆրանսական Ծերակոյտին կողմէ պատժելիութեանան օրինագծի քննարկման հակազդեցութիւններու դիմաց հայկական կողմը, մտաւորական դասը պատասխանեց եւ, պէտք է ըսել, շատ յաճախ՝ դիպուկ եւ համոզիչ կերպով՝ մասնաւորապէս, համացանցի եւ տպագիր մամուլի էջերուն մէջ, պատասխանի իրաւունք եւ վիճարկում բաժիններուն մէջ։
Երեւոյթը ընդգծելի է այնքանով, որ նման ծանրակշիռ նիւթի դիմաց, որ ներգաւեց ֆրանսական քաղաքական մտաւորական եւ տնտեսական դասը իր զանազան հոսանքներով, կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու որդեգրած դաստիարակչական մարտավարութիւնը օրինակելի էր։ CCAF, Հայկական Դիտարան եւ անկէ առաջ՝ Փաթրիք Տէվէճեան եւ Արա Թորանեան պատժելիութեան օրինագծին հակառակորդներուն բոլոր առարկութիւններուն հակադարձող տեղին պատասխաններ առաջադրեցին, որոնք կարեւոր են երկու առումով՝ մէկ կողմէն, նիւթին զանազան նրբութիւններուն իրազեկ դարձնելու եւ երկրորդ՝ մասնակցելու Ֆրանսական հասարակարգի այժմէական քաղաքական հրատապ նիւթերու վերլուծումներուն եւ վիճարկումներուն։
Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Հայ Դատը շատ յաճախ կը մնար նեղ հայկական շրջանակները հետաքրքրող թեմա։ Սակայն այսօր, շնորհիւ նաեւ թրքական պետութեան զօրաւոր հակազդեցութեան, նիւթը ընդհանրական դարձաւ, միջազգայնացաւ, ներգրաւելով՝ Ֆրանսան, Թուրքիան, Հայաստանը, Իսրայէլը, Եւրոպական Միութիւնը …
Ֆրանսայի մտաւորական դասուն մէջ յատկանշական է՝ ծագումով հրեայ մտաւորականներու, խմբագիրներու եւ քաղաքական գործիչներու ներգրաւումը, շահագրգռուածութիւնը եւ ներդրումը։ Անոնք են, որ կը գրաւեն գաղափարական դաշտը։
Զարգացուցած են ցեղասպանութեան դատապարտման զանազան մարտավարութիւններ, գիտական ուսումնասիրական միջազգային հաստատութիւններ, գեղարուեստական գրականութիւն եւ այլ գործեր, քարոզչական մեքենայ։ Անոնց մէջ կան Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող օրինագծի կողմնակիցներ ու հակառակորդներ։
Ինչպէս որ ֆրանսական պետական քաղաքական դասու առաջնահերթ մտահոգութիւններէն է Իսրայէլի պետական շահերու եւ ապահովութեան երաշխաւորութիւնը, նոյնպէս եւ բնականաբար, հրեայ մտաւորական դասու հեռանկարները, վերլուծումները եւ դիրքորոշումները կը քննեն պատժելիութեան օրինագծին ընդունման հետեւանքները Իսրայէլի անմիջական շահերուն նկատմամբ։ Շատ յաճախ կը պայմանաւորուին այդ շահերով։
Այն օրէն, երբ Թուրքիոյ հետ Իսրայէլի դիւանագիտական յարաբերութիւնները վատթարացան, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դարձաւ սպառնալիք, միջոց Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու, շեղելու զայն իր հակահրեայ դիրքորոշումներէն։ Սակայն, անկասկած, Թուրքիոյ ազգային շահերը, տնտեսական շահերը արաբական եւ իսլամական աշխարհը վերգրաւելու եւ շրջանային ազդեցութեան գօտին ընդլայնելու առումով՝ կը գերակշռեն Իսրայէլի հետ դաշնակութենէն քաղած անոր քաղաքական շահերը։
Այս հաշիւներու լոյսին տակ է, որ կարելի է յստակ ընթերցում մը ունենալ Ֆրանսայի մէջ «Նուվէլ Օպսէրվաթէօր»ի խմբագիր Ժան Տանիէլի կամ Ալեքսատր Ատլէրի եւ այլոց ծայրայեղ թրքամէտ եւ ժխտողական դիրքորոշումները եւ ուրիշներու՝ օրինագծին կողմնակցութիւնը։
Ամեն պարագայի, «Պատմութեան եւ Կարծիքի ազատութեան» հոսանքի հետեւորդներուն գաղափարական պատնէշը պատժելիութեան օրինագծին հակառակելու իր ուժականութիւնը կորսնցուց շնորհիւ հայ վերլուծաբաններու վիճարկումի մասնակցութեան, անոնց ներդրումին։
Թէեւ կան տակաւին մտաւորականներ, որոնք այդ դրօշը կը ծածանեն, սակայն, այս թէզին դիմաց, ինչպէս վերը նշեցինք, հայկական կողմը ազդեցիկ ու համոզիչ առարկութիւններ առաջադրեց, որոնք տկարացուցին Փիէր Նորայի կողմնակիցները, որոնք դեռ երկու ամիս առաջ ամենէն ազդու մտաւորական ճակատը կը կազմէին։ Սակայն անոնց ետին յայտնուեցաւ հակառակողներու ուրիշ ցանց մը, որու անդամները ուղղակի կը ժխտեն թրքական պետութեան ցեղասպանական միտումը եւ այս գաղափարը ուղղակի կ՚առընչեն Իսրայէլի կողմէ Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններ մշակելու անհրաժեշտութեան, անոնց անշրջանցելիութեան, անխուսափելիութեան։ Թուրքիան շրջանի մէջ Իսրայէլի մահմետական միակ բարեկամ երկիրը համարելով, անոր կորուստով՝ արաբական աշխարհի կողմէ շրջապատուած Իսրայէլի համար գոյատեւումի դժուարին պայմաններ կը նախատեսեն։
Բնականաբար, նախագահ Սարքոզի եւ Ֆրանսայի ընկերվարական կուսակցութիւնը ոչ մէկ պարագայի կրնան զիջիլ Իսրայէլի շահերը պաշտպանող դիրքեր։ Անոնք ունին նաեւ տեղական ընտրական հաշիւներ։ Սակայն անոնց այդ հաշիւները չեն կրնար հակասել պետական գերակայ հաշիւներու։ Ուրեմն, Թուրքիոյ հանդէպ Ֆրանսայի բռնած դիրքը կր բխի Ֆրանսայի միջազգային եւ շրջանային գերակայ շահերէն, որոնց մէջ անխուսափելի է այս օրերուս Իրանի եւ Սուրիոյ թղթածրարը, որոնք անմիջականօրէն առընչուած են Իսրայէլի ապահովութեան երաշխաւորման։
Այս բոլորով հանդերձ, նորէն ալ պէտք է ըսել, որ նոյնիսկ Ծերակոյտին կողմէ ընդունուելէն ետք, օրինագիծը կրնայ Սահմանադրական Խորհուրդի կողմէ հարցադրումի ենթարկուիլ, ինչպէս կը զգուշացնէ Ռոպէր Պատէնթէր, եւ որուն համար հայ սահմանադրագէտ իրաւաբաններ նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանին։
Նոր Յառաջ