Ժամանակ էր պէտք, որպէսզի ամբողջ աշխարհը իմանար, թէ ի զուր տեղ կը փնտռուի նահատակ Հրանդ Տինքը սպաննողը:
Մեզի` հայութեան համար այդքան ալ զարմանալի չէր պատահած ոճիրը, հակառակ իր ողբերգական, զազիր եւ քստմնելի տարողութեան, որովհետեւ թուրք բարբարոսութեան ու ճիւաղային բնազդներուն վաղուց ծանօթացած էինք մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու արեան գնով:
Ճիշդ է, Հրանդ Տինքի սպանութեամբ Թուրքիոյ մէջ կը ստեղծուէր նորովի հոգեվիճակ` զանգուածային պոռթկումի իբրեւ արտայայտութիւն, ժողովրդային հաւաքական ընդվզում` յանուն խօսքի ազատութեան, աւելի՛ն. խստօրէն կը դատապարտուէր եւ անյապաղ կը պահանջուէր բացայայտել ոճրագործութեան մասնակիցներն ու անոր ետին կանգնող թաքուն կողմերու իսկութիւնը:
Այլապէս ալ, այսպէս ասած ժամանակակից Թուրքիոյ համար պատեհ առիթ մը կ՛ըլլար այս սպանութեամբ իսկ շահագործելու բազմաթիւ կացութիւններ եւ լծուելու ներքին ճակատի վրայ առկայ սուր եւ ոխերիմ հարցերու առաւել հրահրումին եւ շահագործումին:
Փակագիծ մը:
Կարելի չէ ուրանալ այն իրողութիւնը, թէ յանձնառու հայ մտաւորական եւ «Ակօս» թերթի ժրաջան խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութիւնը պատճառ դարձաւ, որ միջազգային հանրային կարծիքը, հասարակական ու քաղաքական որոշակի շրջանակներ ցնցուին եւ համապատասխան հակազդեցութիւններու միջոցաւ զգաստութեան հրաւիրեն թրքական արդարադատական համակարգն ու ամբողջ պետական կառոյցը:
Օրին, թէեւ ներքին զանգուածային ճնշումներն ու եւրոպական կառոյցներու հերթական զգուշացումները մղեցին, որ թրքական պետութիւնը լծուի անմիջական գործընթացներու որդեգրումին` ձերբակալելով «հերոս» պատանին` Օկիւն Սամասթը եւ զայն յանձնելով արդարադատութեան, այսուամենայնիւ, ոճիրի նսեմացման եւ զայն քաղաքական բովանդակութենէ պարպելու յստակ մօտեցումներն ու կանխամտածուած քայլերը արդէն տակաւ զգալի պիտի դառնային, դատական ձգձգումներու եւ սին պատճառաբանութիւններու իբրեւ հետեւանք:
Աւելի ուշ, «ազգային հերոս» յորջորջուած ամբաստանեալ պատանին, յետ խաժամուժ եւ բեմականացուած դատական երկար հոլովոյթի մը, 23 տարուան ազատազրկումի կը դատապարտուէր, այլապէս դառնալով թուրք ազգայնամոլ զանգուածին եւ խորքային պետութեան ներկայացուցիչն ու խորհրդանիշը:
Այլ խօսքով, ազնուարիւն հայորդիի մը անարգ սպանութիւնը այլապէս պիտի համախմբէր թուրանական հրոսակներու ժառանգորդները, ի լուր աշխարհին կրկին բացայայտելու իրենց ոճրամիտ եւ հայատեաց էութիւնը:
Իսկ հետագայի իրադարձութիւնները` ստապատիր եւ խաբեբայ վարքագծերու ներքեւ, եւ հակառակ թուրք ազատախոհ տարրին թէ այլ քաղաքական ծայրայեղութիւններու (իմա` Էրկենեքոնի շարժում, եւ այլն) ներկայութեան, եւ ի մտի ունենալով պարզուած քաղաքական թէ ընկերային մակարդակի վերիվայրումները, երեւոյթի մը ընդգծումը առհասարակ ինքզինք պարտադրեց, երբ թրքութեամբ յագեցած դրսեւորումներ, արարքներ ու կեցուածքներ գրաւեցին միջազգային մամուլի ուշադրութիւնը:
Իրօք, թուրք հասարակութեան թէ բարձր մակարդակի պետական կառոյցներու մէջ յամեցող ցեղապաշտ եւ ազգայնամոլ վարքագծերու առկայութիւնը, աւելի՛ն. հայատեաց եւ այլամերժ մօտեցումներն ու արտայայտութիւնները` շղարշուած եւրոպամէտ նկրտումներով, պարզապէս անոնց դժոխային միտումներուն հանդերձանքն էր, համաթուրք տեսլականի իրագործման ի խնդիր:
Փաստօրէն, հինգ տարուան ժամանակահատուածը բաւարար պիտի ըլլար ապացուցելու, թէ թուրք պետական կարգ ու սարքին թէ քաղաքական մտածողութեան մէջ ըստ էութեան ոչինչ փոխուած է, այլեւ ընդհակառակն, ցեղասպան թուրքին եւ թուրանական երազներու կրկներեւոյթն է, զոր յաճախ անոնք կ՛ապրին, յանուն նոր օսմանականութեան վերահաստատումին:
Այո՛, թուրք եւ անոր ցեղակից ազերի ոճրամիտ ուղեղին մէջ դեռ կը սլքտան այլացեղ ամէն հաւաքականութեան բնաջնջումի միտումները, աշխարհաքաղաքական իրենց ախորժակներուն յագուրդ տալու անթաքոյց մտասեւեռումով:
Ընդգծում մը:
Համամարդկային արժէքներու ջերմ պաշտպան եւ ազգային իտէալներու երկրպագու Հրանդ Տինքի սպանութիւնը սոսկ անհատական նպատակներ չէր հետապնդեր: Թրքութիւնը իր նորովի ըմբռնումներով եւ հաճոյակատար լրբութեամբ կ՛ուզէր ամբողջ աշխարհի եւ ի մասնաւորի հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացնել այն վարքագծին վրայ, որ, հակառակ ժամանակներու եւ պայմաններու փոփոխութեան, թուրք ցեղին եւ համաթրքական երազանքին դէմ ամէն խոչընդոտ եւ արգելք պիտի դիմագրաւեն բարբարոս ու վայրագ վերաբերումներ, ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն:
Մատնանշուածին լաւագոյն ապացոյցը քրտական հարցի թէ միջին արեւելեան քաղաքական իրադարձութիւններու արտասովոր պատկերն ու իրականութիւնն է:
Փաստօրէն, թուրք պետական մտածողութեան մէջ, ուրուային համակարգի թէ ազգայնամոլ վարքագծի նկրտումները, այլեւս անթաքոյց կը տողանցեն աշխարհաքաղաքական հարթակներու վրայ:
Անցնելով մեր ածուին:
Հայ-թուրք պետական յարաբերութիւններու ծիրին մէջ, հակառակ թուրք պետական բարձրագոյն մակարդակի կողմէ արձակուած խենեշ կեցուածքներու եւ անհանդուրժող միտումներու, դժբախտաբար, հայրենի պետական աւագանիին մօտ կը յամենան մեղկութեամբ թաթաւուն եւ «լրջախոհ» ըլլալու սին մօտեցումներ:
Ի բացառեալ, նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ամիսներու արտայայտած ազգային կեցուածքներուն, որոնք այլապէս կը խարանէին թուրք պետական նենգութիւնն ու քաղաքական որոգայթները, այսօր, աւելի քան երբեք, ամբողջ հայ ժողովուրդը արդարօրէն կ՛ակնկալէ հայրենի պետական կարգ ու սարքէն, ու յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան վրայ հսկիչներէն ըլլալու հակազդողի եւ հակադարձողի կերպարին մէջ, դիմակայելու համար թրքութեան ամէն ոտնձգութիւն, բոլոր բնագաւառներու մէջ:
Հրանդ Տինքի սպանութեամբ, թուրք ոճրագործ մտայնութիւնը, առաջին հերթին ուզեց ներթրքական հարթակի վրայ ճզմել ազատութեան ու արդարութեան ամէն յոյս, փշրել ամէն երազանք, որուն հիմքը` փոքրամասնութիւններու ազգային իրաւունքներուն վերատիրացումն է, իսկ արտաքին ճակատի վրայ, խոցել հայութեան ազգային արժանապատուութիւնը, կոտրել դիմակայութեան կամքը, ապակողմնորոշել եւ այլասերել Հրանդ Տինքի դատաիրաւական գործընթացը, եւ, գոռոզութեամբ միջազգային հանրային կարծիքին ցոյց տալ ժողովրդավարի իր պատկերը:
Եթէ երբեք փորձենք Հրանդ Տինքի սպանութիւնը տեղադրել ազգային պահանջատիրական ու արդարադատական մեր ամբողջ գործընթացին մէջ, ապա հարկ է մատնանշել այն իրողութիւնը, որ, թէեւ հայութիւնը իր բոլոր շերտերով ուժգնօրէն դատապարտեց բարբարոս սպանութիւնը, ընդվզումի եւ պոռթկումի իր ձայնը լսելի դարձուց, այսուամենայնիւ, Հրանդ Տինքի դատական գործընթացին մէջ հայութիւնը պէտք էր ցուցաբերէր աւելի ներգործօն եւ հակազդողի կեցուածք` մարդկային իրաւունքներու եւ միջազգային արդարադատական ամպիոններէն պահանջելով այս թղթածրարի ամբողջական բացայայտումը:
Ճիշդ է, որ եւրոպական արդարադատական ատեաններ եւ կազմակերպութիւններ մօտէն կը հետեւին Հրանդ Տինքի դատավարութեան, բազմաթիւ անգամ լոյսին բերելով անոր խոցելի եւ դատապարտելի կողմերը, առանց սակայն ուղղակի եւ ազդու միջամտութիւններու եւ յստակ կեցուածքներու որդեգրման:
Յայտնապէս, եւրոպական երկիրներու կողմէ նման մօտեցում, խորքին մէջ, քաղաքական ու տնտեսական շահարկումներու պատեհ առիթներ են, հեռանկարային գործառոյթներու ի խնդիր:
Եւ հոս է, որ հայրենի պետութեան կողմէ այս ուղղութեամբ տարուած ամէն աշխատանք, կեցուածք եւ ընդվզում իր բացառիկ ընկալումը կ՛ունենայ յաչս աշխարհին:
Այս օրերուն, կրկին անգամ կը վերյիշենք «Ակօս»-ի բարեսիրտ խմբագիրին, հայրենասէր մտաւորականին եւ մարդկային արժանիքներով բոցկլտուն հայորդիին իւրաքանչիւր խօսքն ու կեցուածքը, անոր եզակի խանդավառութիւնն ու յանդգնութիւնը, թրքութեան որջին մէջ ցուցաբերած անոր խիզախութիւնն ու պահանջատիրական կեցուածքը, եւ կը խոնարհինք անոր նահատակութեան յիշատակին առջեւ:
1500001 թուանշային պատկերը թէեւ ունի իր խորհուրդն ու իմաստը, այսուամենայնիւ, անոր բովանդակութեան պէտք է պարուրել նաեւ ազգային պահանջատիրական մեր ըմբռնումներուն նորովի ընկալումն ու յստակ աշխարհահայեացքը:
Որովհետեւ, Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ ջրդեղեց ազգային պահանջատիրական մեր երթին դժուար ճանապարհը, եւ ցոյց տուաւ քաջութեան ու կամքի նոր հորիզոններ:
Տէր կանգնինք անոր դատին, թրքավարի այս օրերուն:
«Ազդակ»