ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Երեքշաբթի 17 Յունուար 2012-ին ընդունեց Լիբանանի Քրիստոնեայ-Իսլամ Երկխօսութեան յանձնախումբի ատեանպետ Հարէս Շհապը: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նոյն յանձնախումբին մէջ հայ համայնքը ներկայացնող անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան:
Հանդիպումին ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան վերոյիշեալ յանձախումբին կատարած աշխատանքը անցնող ամիսներուն ընկացքին, ինչպէս նաեւ յանձնախումբին յառաջիկայ հանդիպումներուն օրակարգի կարգ մը հարցերը: Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելու Միջին Արեւելքէն ներս տեղի ունեցող անցուդարձերուն, ու յատկապէս` Քրիստոնեայ-Իսլամ երկխօսութիւնը Միջին Արեւելքի մակարդակին վրայ վերակազմակերպելու անհրաժեշտութեան: Այս ծիրէն ներս, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ յառաջիկայ օրերուն Կաթողիկոսարանէն ներս տեղի պիտի ունենայ միջազգային համագումար մը քրիստոնեայ ու իսլամ ղեկավարներու մասնակցութեամբ, նիւթ ունենալով քրիստոնէական ներկայութիւնը շրջանէն ներս ու քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարելիութիւնները:
Անդրառնալով վերջին շրջանին Միջին Արեւելքէն ներս Թուրքիոյ դերակատարութեան, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Թուրքիան իր երկրին քրիստոնեայ համայնքները թող պաշտպանէ եւ ապա շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքները պաշտպանելու դերը ստանձնէ: Թուրքիան նախ իր հայրերուն կողմէ գործադրուած ցեղասպանութիւնը ընդունի, հայ ժողովուրդին նկատմամբ արդարութիւնը վերահաստատէ, եւ ապա մարդկային իրաւունքներու ջատագովը դառնայ»: Շարունակելով իր խօսվը, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ «կը զարմանամ, թէ ինչպէս քրիստոնեայ թէ իսլամ հոգեւոր պետեր յատուկ խանդավառութեամբ կ’ընդունին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ու կ’ընդառաջեն Թուրքիա այցելելու անոր հրաւէրին: Պէտք չէ մոռնալ որ Թուրքիան միայն մէկ ու կէս միլիոն հայեր չի ջարդեց, այլ նաեւ` քրիստնեաներ ու իսլամներ ջարդեց թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Լիբանանի մէջ: Պէտք չէ մոռնալ անցեալը ու անցեալի մեր դառն փորձառութենէն պէտք է դասեր քաղել ապագայի հաշւոյն»:
Յայտնենք, որ շրջանէն ներս քրիստոնեայ համայնքնեու պաշտպանի դերը ստանձնած Թուրքիոյ կատարած փորձերուն գծով, Վեհափառ Հայրապետը նոյն մտահոգութիւնները ու տեսակէտները բաժնեց նաեւ անցնող օրերուն իրեն այցելած քաղաքական թէ հոգեւոր պատասխանատունետուն հետ: