Այս տարի նշուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանի 175ամեակը, որու առթիւ տեղի ունեցան շարք մը նշանակալից մշակութային ձեռնարկներ։ Ասոնց անդրադարձաւ նաեւ «Նոր Յառաջ» իր նախորդ թիւերուն մէջ։
Ստորեւ ներկայացուած հակիրճ ակնարկով մըն ալ կը փափաքինք 2011ի մեր վերջին թիւին մէջ, որպէս յոբելինական տարուան ամփոփում, պատմական անդրադարձ կատարել Սամուէլ-Մուրատեան վարժարանին եւ անոր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան։
Մխիթարեան միաբանութիւնը առաջին անգամ Մխիթար Սեբաստացիի օրով, 1700ին դպրոց բացած էր Ղալաթիոյ (Պոլիս) մէջ, որ սակայն գոյատեւեց կարճ ժամանակ մը միայն։ Մխիթարեաններու կրթական գործունէութեան մէջ կարեւոր անկիւնադարձեր եղան Սամուէլ-Մուրատեան եւ Ռափայէլեան վարժարաններուն հիմնադրութիւնը։
Շատերը գուցէ հիմա չեն յիշեր, որ սկզբնապէս «Սամուէլ-Մուրատեան»ը հիմնուեցաւ 1832-ին՝ Իտալիոյ Փատովա քաղաքին մէջ, մեծահարուստ Սամուէլ Մուրատեանի կտակով, որ ծնած էր 1760ին Փոքր Ասիոյ Թոքաթ քաղաքին մէջ։ Միայն տասնչորս տարի յետոյ՝ 1846ին, վարժարանը տեղափոխուեցաւ Փարիզ, սակայն հոն ան երկար չգոյատեւեց։ 1870ին ան միաւորուեցաւ Վենետիկի մէջ բացուած Ռափայէլեան վարժարանին հետ (1836)՝ վերակոչուելով Մուրատ-Ռափայէլեան։ Առժամեայ փոխադրուած վարժարանը տեւեց շուրջ 60 տարի։
Սակայն այն հմայքը, որ ֆրանսական մշակոյթը պատճառած էր հայութեան, կը վերածնէր Մխիթարեան Միաբանութեան զոհողութիւններով։ Յետագայ տարիներուն, երբ քաղաքական արգելքները հարթուեցան, Միաբանութիւնը, ինչպէս որ խօսք տուած էր ֆրանսական կառավարութեան, ուզեց անմիջապէս վերահաստատել Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը Ֆրանսայի մէջ։
1928 Օգոստոս 27ին, Միաբանութեան ընդհանուր աթոռակալ Հ. Յովհաննէս Վրդ. Թորոսեան Փարիզ կը ղրկէ երկու լիազօր պատուիրակ միաբաններ՝ պարագաները ուսումնասիրելու եւ յարմար շէնք մը գնելու։ Փարիզ հասնելով՝ պատուիրակ Հայրերը իրենց շուրջը համախմբեցին վարժարանի համակիրներէն ու նախկին սաներէն քանի մը հոգի։ Ամիս մը ամբողջ Փարիզի եւ արուարձաններու լաւագոյն թաղամասերը այցելելէ ետք՝ պատուիրակ միաբանները ընտրեցին Մարգիզուհի Փոմփատուրին պատմական պալատը՝ խաղաղ ու դալարագեղ Պրիմպորիոն անտառներուն մէջ, որպէս յարմարագոյն միջավայր։
Սեւրի ափերուն մօտ, Սէն-Գլուի դարաստանին դիմաց գտնուող այս պալատը 1810 Օգոստոս 17ին Նափոլէոն կայսրը գրչի մէկ շարժումով շնորհած էր Վենետիկի Ս. Ղազարի մենաստանին, երբ միեւնոյն ժամանակ Իտալիոյ բոլոր կղերական մենաստանները կը ջնջէր։ Հոս էր դարձեալ, որ 1920 Օգոստոս 10ին, Աւետիս Ահարոնեան, յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, կը ստորագրէր Սեւրի դաշնագիրը։ Ահա այս պատմական միջավայրին մէջ է, որ հայ կրթութեան օրրանը ծնունդ կ՚առնէ երրորդ անգամ՝ ըլլալու լուսաւորութեան նոր վառարան մը եւ պայքարելու յարաճուն ձուլումին դէմ։
Այսպէսով, 1929ին անջատուելով՝ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանը վերաբացուեցաւ Փարիզի մէջ, իսկ Ռափայէլեանը մնաց Վենետիկ, բայց պահելով Մուրատ-Ռափայէլեան անունը։ Երկու վարժարաններն ալ մեծ թիւով պոլսահայ, ինչպէս նաեւ գաւառներէն եւ այլ քաղաքներէ աշակերտներ ունեցան։ Վերաբացման առաջին տարին իսկ, Սամուէլ Մուրատեան արձանագրուեցան 16 աշակերտներ։ Իսկ արդէն տարի մը վերջ վարժարանը ունէր 60 աշակերտներ՝ համախմբուած զանազան վայրերէ։
Աւելորդ չէ հոս նշել, որ Սամուէլ Մուրատեան վարժարանի հանդիսաւոր վերաբացումը կատարուեցաւ 1930 Յունիս 8ին՝ նոյն շքեղութեամբ եւ համակրանքով, զոր ունէր Ֆրանսան հայ ազգին եւ միաբանութեան հանդէպ առաջին շրջանին։ Քաղաքական, գիտա-ուսումնական, եկեղեցական բազմաթիւ հեղինակութիւններ ներկայ էին հոն։ Հանդէսին կը նախագահէր նախարար Ժորժ Լէյկ՝ շրջապատուած շարք մը անձնաւորութիւններով եւ միաբանութեան նորընտիր Գեր. Աբբահօր՝ Հ. Յովհան Վրդ. Աւգերեանով։ Ան իր խօսքին մէջ կը նշէր, որ ինք «անվարան է Ֆրանսայի ասպետական եւ դարաւոր հիւրասիրութեան», եւ որ «ազգային այս վարժարանը, եթէ կարելի է այսպէս ըսել, Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Արեւմուտքի սրտին վրայ, նպատակ ունի միշտ տանելու Արեւելքի մեր եղբայրներուն այս քաղաքակիրթ դշխոյին լոյսի կայծերը»։
Հանդէսին փակման խօսք առած նախագահող Ժ. Լէյկ տեսակ մը ուղերձով կը դիմէր հայ ժողովուրդին. “Այս ազգը կը ճանչնայի պատերազմէն առաջ, ճանչցայ զայն պատերազմի միջոցին, պատերազմէն վերջ։ Բայց թոյլ տուէք, որ հարցնեմ ձեզի. ո՞վ էք դուք, ո՞ւրկէ կու գաք։ Ո՞ւր են ձեր ժամանակակից ազգերը՝ Քաղդէացիք, Ասորեստանցիք… Անոնք անյայտացան, իսկ դուք, հակառակ ձեր դարերու տառապանքներուն, տակաւին ամեն օր կը ձգտիք բարձրանալու քաղաքակրթութեան ճամբուն վրայ։ Ի՞նչպէս կրնանք չսիրել ձեզ, չգնահատել ձեր այնքան գովելի ջանքերը։
Ասոր համար խորհուրդ կու տամ ձեզի՝ զարգանալ, յառաջդիմել, հասնելու համար ձեր գաղափարականին՝ բայց պահելով միշտ ձեր ինքնութիւնը. մնացէ՛ք ինչ որ էք, մի՛ այլափոխուիք. մենք փափաք չունինք ձեզ մեր մէջ լուծելու։ Դուք պէտք է պահէք ձեր ինքնութիւնը, որպէսզի արժանի ըլլաք ձեր հետապնդած նպատակին։ Ա՛յս է մեր այսօրուան ներկայութեան նպատակը, ապա թէ ոչ վարժարանի մը բացումը ինքնին բան մը չէ, եթէ չի ձգտիր այդ բարձր նպատակին։ Ձեր վարժարանը պիտի վայելէ այն նոյն ազատութիւնները, ինչ որ կը վայելէր Լուի-Ֆիլիփ թագաւորին օրով։ Այսինքն՝ Կրթական նախարարութիւնը պաշտօն ունի միայն օգնելու պաշտպանելու ձեզ, երբ դուք հարկ տեսնէք անոր օգնութեան եւ պաշտպանութեան»։
Յիրաւի, այս խօսքերը, նոյնիսկ գրէթէ մէկ դար անց, չափազանց արդիական կը հնչեն… Մխիթարեան հայրերու շունչին տակ հայեցի տոհմիկ կրթութեամբ, լայն գիտելիքներով, գիտութեամբ եւ եւրոպական նիստ ու կացով դաստիարակուած շրջանաւարտներէն շատեր կրթական ասպարէզ նետուեցան, հասարակական բեղուն գործունէութիւն ծաւալեցին եւ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան արեւմտահայ մտաւոր զարթօնքին մէջ։ Սակայն երբեմնի ամենօրեայ վարժարանը, որ աշակերտներ կ՚ընդունէր Ֆրանսայի տարբեր գաւառներէն ու քաղաքներէն, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներէն, ի վերջոյ վերածուեցաւ երկօրեայ վարժարանի մը, որ մանկապարտէզի եւ դպրոցի՝ իր մօտ հարիւր աշակերտներով կը շարունակէ գոյատեւել…
Վարժարանի տնօրէն Յարութիւն Վարդապետ Պզտիկեան, ինչպէս նաեւ ուսուցչուհիները ջանք չեն խնայեր, որպէսզի ականատես ըլլանք աւելի լաւ ժամանակներու, բանիմաց եւ զաւակներու հայեցի դաստիարակմամբ մտահոգ՝ աւելի շատ ծնողներու… Իսկ հիմա ըսենք շնորհաւո՛ր, սիրելի Սամուէլ Մուրատեան վարժարան։
Տորք Դադալեան