Ֆրանսական Ազգային Ժողովին կողմէ հայկական օրինագիծին քննարկման նախօրեակին, թրքական ճնշումները հասած են իրենց գագաթնակէտին: Պէտք է ըսել, որ քուէարկութեան նիւթը խոր մտահոգութեան պատճառ է Թուրքիոյ մէջ. գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը շատ լայն տեղ կը յատկացնեն անոր: Ակներեւ է խուճապի մթնոլորտ մը:
Ճնշումները, որոնց Թուրքիա ձեռնարկած է քաղաքական եւ տնտեսական զոյգ լծակներով, այնքան լայնածիր են, որ անկարելի է անդրադառնալ բոլորին:
Այնուամենայնիւ նշենք կարեւորագոյնները:
Յատկապէս հարկ է անդրադառնալ վարչապետ Էրտողանի կողմէ Ֆրանսայի ուղղուած գրեթէ ամենօրեայ ազդարարութիւններուն եւ զգուշացումներուն:
Ան նախ Դեկտեմբեր 16ին նամակ մը յղած է նախագահ Սարքոզիին, զայն հրաւիրելով արգելք հանդիսանալու այս օրինագիծին վաւերացման՝ նշելով. «Օրինագիծը ուղղակի թիրախ կ՚առնէ Թուրքիան: Թրքական պետութիւնը եւ Ֆրանսայի թրքական համայնքը զայն կ՚ընկալեն որպէս թշնամական քայլ»:
Անգամ մը եւս դիւանագիտական սպառնական ձեւով կրկնելէ ետք, թէ նման քուէարկութիւն ինչպիսի «անսրբագրելի» վնասներ կը պատճառէ ֆրանքեւթրքական յարաբերութիւններուն, Էրտողան Ֆրանսայի նախագահին կ՚ըսէ. «Անկեղծօրէն կը փափաքիմ, որ դուք յարգէք նման նախաձեռնութիւններ ձախողեցնելու մասին ձեր տուած խոստումը, եւ այդպէսով կանխարգիլէք երկկողմանի յարաբերութիւններու «անսրբագրելի» հետեւանքները»: Թուրք վարչապետը ըսած է նաեւ, թէ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ երկկողմանի յարաբերութիւնները պէտք չէ դառնան երրորդ երկիրներու կողմէ ներկայացուած պահանջներու պատանդը:
Էրտողան Շաբաթ օր կրկին անդրադառնալով հարցին՝ այս անգամ աւելի կոշտ ոճով իր խօսքը ուղղած է Ֆրանսայի, որ հրաւիրած է նախընտրաբար քննարկման ենթարկել գաղութատիրական իր սեփական անցեալը, քան թէ Թուրքիոյ օսմանեան անցեալը: «Անոնք որոնք կը փափաքին ուսումնասիրել ցեղասպանութիւն մը, աւելի լաւ կ՚ընեն եթէ նային դէպի իրենց կեղտոտ եւ արիւնոտ սեփական անցեալը: Եթէ Ֆրանսայի Ազգային Ժողովը կ՚ուզէ հետաքրքրուիլ Պատմութեամբ, թող բարեհաճի նախ ինքնաքննարկում կատարել Ափրիկէի, Ռուանտայի եւ Ալժերիոյ դէպքերուն առընչութեամբ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու ալ յայտնած է, որ Թուրքիա միշտ պատրաստ է առերեսելու իր պատմութեան հետ։ Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ան յայտարարած է, որ դեռ 2005ին, երբ Ֆրասնայի մէջ այս հարցը օրակարգի եկաւ, իրենք առաջարկեցին, որ պատմութիւնը ուսումնասիրող յանձնաժողով կազմուի՝ նշելով, թէ իրենք պատրաստ են պատմաբաններուն առջեւ իրենց դիւանները բանալու: «Բայց Ֆրանսայի քարացած մտայնութեան տէր անձինք միջամտեցին։ Այդ ժամանակուան մեր առաջարկը ի զօրու է նաեւ այսօր: Թուրքիա բացած է իր պատմական եւ յատուկ դիւանները եւ պատրաստ է ուսումնասիրութեան: Մենք պատմութեան հետ առերեսելու պատրաստ ենք: Բայց եթէ ատոր առիթ չտրուի եւ Ֆրանսայի մէջ իշխէ նոյն մտայնութիւնը, մենք բոլոր երկիրներուն մէջ պիտի սկսինք խօսելու ֆրանսական գաղութատիրութեան եւ շահագործման մասին», ըսած է ան: Թուրք նախարարը պնդած է, որ օրինագիծին որդեգրումով՝ Ֆրանսայի մէջ խօսքի ազատութիւնը լուրջ հարուած կը ստանայ:
Տաւութօղլու նշած է նաեւ, որ Թուրքիա երբեք սպառնալիքի լեզուով չի խօսիր, «Բայց չենք կրնար անտեսել Թուրքիոյ ուղղուած ռազմավարական որեւէ դաւադրութիւն», ըսած է ան:
Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) թուրք նախագահ Մեվլիւթ Չավուշօղլու եւս անմասն չէ մնացած: Ան ալ իր քարոզչութիւնը հնչեցուցած է ֆրանսական ընտրութիւններէ թելադրուած շահադիտութիւններու լարերէն: «Եթէ այդ օրէնքը ընդունուի, Սարքոզի անձնական պատասխանատւութիւն պիտի կրէ ինչպէս պատմութեան առջեւ, այնպէս ալ Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու վատթարացման համար: Հետզհետէ աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որ Սարքոզի, այդ օրինագիծը քննարկման դնելով, մտածած է ո՛չ թէ Ֆրանսայի շահերուն, այլեւ իր կուսակցութեան նեղ շահերուն մասին», ըսած է Չաւուշօղլու:
ԵԽԽՎ նախագահը աւելցուցած է, որ Թուրքիան այն երկիրը չէ, որ «կրնայ այս կամ այն երկրին մէջ նախընտրական հաշիւներու առարկայ դառնալ: Թուրքիան հզօր երկիր է եւ կրնայ պաշտպանել ինքզինք: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ որ կողմը պիտի տուժէ այդ օրինագիծի ընդունումէն եւ ստոյգ է, որ ատիկա Թուրքիան պիտի չըլլայ», ընդգծած է ան:
Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին, թուրք գործարարներու պատուիրակութիւն մըն ալ կը ժամանէր Փարիզ՝ ֆրանսական պատկան շրջանակներուն բացատրելու նպատակով, թէ հայկական օրինագիծի որդեգրման պարագային ինչպիսի «քաոս» մը կը ստեղծուի ֆրանսական գործարար շրջանակներուն համար: Այս առթիւ կը նշուի, թէ Թուրքիա համաշխարհային տնտեսութեան 17րդ կարգին կը հանդիսանայ, այս կալուածին մէջ տարածքաշրջանի կարեւորագոյն դերակատարներէն է, եւ թէ երկրին տնտեսական աճը 2011ի առաջին ինը ամիսներուն կազմած է 9,6%, ինչ որ համաշխարհային ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ նշումի արժանի երեւոյթ է: Այս պայմաններուն մէջ՝ աւելորդ է ըսել, որ ներդրումներու համար առաջնակարգ հասցէ դարձած է: Պատուիրակութիւնը գլխաւորող թուրք գործարար Հիսարճըքլըօղլու յիշեցուցած է, որ այսօր ֆրանսական 960 ընկերութիւններ կը գործեն Թուրքիոյ մէջ, եւ միայն 2011ին ֆրանսական 90 նոր ընկերութիւն հաստատուած է Թուրքիա: Ան եւս իր նախորդներուն նման կրկնած է այն յանկերգը, թէ եթէ օրինագիծը քուէարկուի, ֆրանսական բոլոր ապրանքները պօյքոթի պիտի ենթարկուին թուրք սպառողներուն կողմէ:
Ըստ թրքական «Տողան» լրատու գործակալութեան՝ Դեկտեմբեր 22ին, օրինագիծին Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին կողմէ քննարկման օրը, թրքական միութիւնները բողոքի ցոյցի կոչ ուղղած են՝ ժամը 20ին, Փարիզի «Գոնգորտ» հրապարակին վրայ: