Վաղը, ընթրիքի սեղաններու շուրջ մենք զիրար պիտի շնորհաւորենք մեր յաջողութիւններուն համար, եւ զօրակցելու ու աջակցելու խոստումներ պիտի տանք մեր նուազ բախտաւոր ազգականներուն՝ յոյս ներշնչելով անոնց:
Վաղը, մեր բոլոր զրոյցներուն մաս պիտի կազմէ Հայաստանը՝ «Հայաստան» հիմնադրամի հանգանակային արշաւի հեռատեսիլային ծրագիրով, ու մեզմէ նոյնիսկ ամէնէն անտարբերները պիտի չդիմանան ու պարբերաբար պիտի ստուգեն, թէ ո՛ւր հասաւ նուիրատուութեանց գումարը, պիտի բաղդատեն նախորդ տարիներուն հետ, պիտի ուրախանան, պիտի մտահոգուին, պիտի մասնակցին:
Այս օրուան առթիւ, մենք ալ՝ «Ասպարէզ»ի ընտանիքը, կու գանք մեր գոհունակութիւնն ու երախտագիտութիւնը արտայայտելու, որ կրցանք՝ շնորհիւ մեր ընթերցողներուն, հովանաւորներուն, ծանուցողներուն ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կառոյցի զօրակցութեան՝ շարունակել հայաշխարհի լրատուութիւնը կատարելու գործը:
Մենք ալ, հետեւելով 1623 թուականի ծանր ձմրան պայմաններէն ճնշուած նոր ամերիկացիներու օրինակին՝ կ՛աղօթենք, որ գալիք օրերը ըլլան բերքառատ, մեր անմիջական շրջապատէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Հայաստան:
Ամերիկեան աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ նոր գաղթողներուն աղօթքը իրականացաւ: Իսկ մեր աղօթքը իրական պիտի դառնայ մեր քրտինքով, մեր աշխատանքով, մեր գիտակից նուիրաբերումով: