Ասթանայի գագաթաժողովը որեւէ բեկումնային պահ չստեղծեց, ինչպէս կ՛ակնկալէին տարբեր կողմեր, հարցին հետեւող առնչակից քաղաքական դէմքեր, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ քաղաքական մեկնաբաններ։ Աստանա առաջին եւ միակ բանակցային հանգրուանը չէ, որմէ առաջ նման ակնկալութիւններ եւ բացարձակ կանխատեսումներ կը բարձրաձայնուէին։
Անտեղի չէ այն դիտարկումը, որ յայտարարութեան մէջ յղում կատարուած է այնպիսի փաստաթուղթի, որ կը խօսի ազատագրուած տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացման մասին։ Ասթանան նախընթաց հանգրուանները նշելով բանակցային աշխատանքի հետեւողականութիւն մը ուզած է ցոյց տալ յայտնապէս եւ իբրեւ այդպիսին նախանշած նաեւ այդ հիմունքներուն վրայ բանակցութիւններու շարունակականութեան տրամաբանութիւնը։
Այս առումով պաշտօնական Պաքուն ստացած է երկու կարեւոր պատասխան։ Նախ այն, որ ռազմական նախահաշիւի արտակարգ ուռճացումը եւ ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը մերժուած են փաստաթուղթին ետին կանգնող ուժերուն կողմէ։ Հակամարտութեան Խաղաղ կարգաւորումի գերադասումը այս պարագային կը մերժէ Ազրպէյճանի ոչ միայն պաշտօնական յայտարարողականութիւնը, այլ նաեւ ուղղակիօրէն հրադադարի խախտումներու շարքը։ Տարբեր հարց, որ անուղղակի պատասխանելու այս ոճը որքա՞ն ազդեցիկ է Պաքուի որդեգրած վարքագիծին վրայ, յատկապէս անկէ հրաժարելու առումով։ Նախընթաց պարագաները կը յուշեն, որ որոշ ժամանակ ետք Ազրպէյճան, թէկուզ ներքին սպառման շարժառիթներէ մղուած վերադարձած է իր ծանօթ ոճին։ Այդպէս ալ կ՛ըլլայ հաւանաբար։
Երկրորդ անուղղակի պատասխանը այն է, որ բանակցային ձեւաչափն ու միջավայրը կը շարունակեն մնալ միեւնոյնը։ Այստեղ եւս որեւէ միջազգային ատեան, ընդ որում ՄԱԿ, իրաւասութիւնը չունի զբաղելու արցախեան հակամարտութեան թղթածրարով։ Ընդամէնը ընդհանուր բանաձեւ-բաղձանքի սահմաններուն մէջ մնացող տրամադրութիւններ են Ազրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» մասին խօսող եւ քուէարկութեան իրողական պատկերով իսկ ինքնաբացատրուող յօդուածները։ Այս ի հարկէ չ՛ենթադրեր, որ ամենեւին ինքնահոսի պէտք է ձգել միջազգային կառոյցներուն մէջ արցախեան հակամարտութեան մասին քուէարկուող բանաձեւերու գործընթացը։ Հայկական կողմէն դիւանագիտական բուռն աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը ինքզինք զգալի կը դարձնէ բոլոր ժամանակներէն աւելի։
Գէրտերութիւններու մակարդակով յստակ է, որ բազմակողմանիօրէն կայ միջպետական համաձայնութիւն բանակցութիւններու գործընթացը ներկայ ձեւաչափով շարունակելու։ Այս մէկը հերթական անգամ վերահաստատուած որոշում է։ Այս անգամ ալ գագաթաժողովի մակարդակով։
Քաղաքական տրամաբանութեամբ ի հարկ է միայն յայտարարութեան վրայ կարելի չէ յենուիլ, եզրակացնելու համար, որ բեկում, հիմնական ճեղքում կամ նոր նախանիշեր ապահովո՞ւած են Ասթանայի մէջ, թէ՞ ոչ։ Հրապարակային քննարկումները ցարդ կը մնան փակուած յայտարարութեան բնագրի տողերու սահմաններուն մէջ։ Հետագայ յայտարարութիւններ կրնան լոյս սփռել յառաջիկայ ընթացքին վրայ։
Մէկ կէտ եւս կարելի է նշմարել իբրեւ օրինաչափ երեւոյթ։ Յայտարարութեան մէջ, հասկնալիօրէն ռուսական գործօնի նախապէս երեւցած գերակայութիւնը տարածուած է նաեւ ԵԱՀԿի Մինսքի համանախագահներուն ներկայացուցած պետութիւններու վրայ։ Բնական է, որովհետեւ չենք խօսիր Մետվետեւի նախաձեռնած եռակողմ հանդիպումի մասին, այլ՝ ԵԱՀԿի գագաթաժողովի։ Բայց այս մէկը յայտարարութեան մէջ է միայն. Նախատեսուած բայց չկայացած Հայաստան-Ռուսիա-Ազրպէյճան միջնախագահական ձեւաչափով եռակողմ հանդիպումը դարձեալ կը նախանշէ ռուսական յատուկ միջնորդութեան գործօնի գերադասումը։ Այն ալ ԵԱՀԿի գագաթաժողովի օրերուն…
Հետեւողականութիւն մը ընդգծելու, խաղաղ կարգաւորումը գերադասելու եւ ամէն ինչ անով պայմանաւորելու եւ բանակցային ձեւաչափը միեւնոյնը պահելու առանցքային գիծը կ՛երեւի ցարդ Ասթանայի յայտարարութեան մէջ։ Անուղղակի պատասխաններ տալով հանդերձ Պաքուի կիրարկած վարքագիծին, հրադադար խախտողին եւ ռազմատենչ հռետորաբանութիւն զարգացողին ուղղակի պատասխանատուութիւնը ցոյց չի տրուիր Ասթանայի մէջ։ Դարձեալ քաղաքականօրէն հասկնալի դրուածքով։
Այս բոլորով հանդերձ անուղղակիի պատասխանները յայտնապէս դժգոհ ձգած են Ազրպէյճանի ղեկավարը, որ վերջին պահուն մերժած է հանդիպիլ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ իր գործընկերներուն հետ։ Պարզ է. դժգոհութիւնը կը վերաբերի որդեգրուած յայտարարութեան։
Յամենայնդէպս, միայն յայտարարութեան բովանդակութիւնը նկատի ունենալով կարելի է արձանագրել ուրեմն, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատկանող գրաւոր արխիւի յայտնաբերումը ցարդ որեւէ ազդեցութիւն չէ ունեցած ղարաբաղեան հարցին նկատմամբ պետութիւներու ընդհանուր մօտեցումներուն վրայ։
Մօտաւորապէս նման յայտարարութիւն մը կատարած էր արդէն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը խօսելով ընդհանուր հարցին մասին։
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր