«Ասպարէզ» օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր Աբո Պողիկեանը ֆեյսբուքյան իր էջում գրել է.
Մեր խնդիրը: Խօսքս կը վերաբերի Դաշնակցութենէն անարդարօրէն հեռացուածներուն (որոնց մէջ անշուշտ ինքզինքս կը դասեմ), Դաշնակցութեան վերջին տարիներու քաղաքական գիծը եւ կազմակերպական գործելակերպը մերժողներուն (որոնք ինքնամեկուսացման կամ հրաժարականի ճամբով դուրս եկած են շարքերէն): Մեր խնդիրը Դաշնակցութիւնը ներսէն բարեփոխելը չէ: Այդ աշխատանքը շարքային Դաշնակցականներուն վերապահուած է, իրենց իրաւունքն է: Մեր խնդիրը մեր արդէն նկատելի թիւ հաշուող, Դաշնակցութեան ճամբով կազմակերպական հսկայական փորձ կուտակածներու ճիգը, մտաւորական եւ նիւթական կարողութիւնները ազգին եւ պետութեան հզօրացման ուղղորդելն է, գտնել այդ գործը ամէնէն արդիւնաւէտ, ամէնէն կառուցողական կերպով յառաջ տանելու կազմակերպական բանաձեւը: Եւ կը գտնենք: