Պատրիարքական Աթոռի 13 տարիներու թափուր շրջանը, եթէ վերջին պահուն յանկարծ դատական արգելք մը չպատահի 11 Դեկտեմբերին պիտի տիրանայ իր նոր գահակալին։ Սակայն ընտրութեան ընդառաջ մեր դիմաց գլխաւոր հարցումն է, թէ քանի՞ հոգի պիտի մասնակցի ընտրութեան եւ ի՞նչ համեմատութիւն պիտի կազմէ երկու թեկնածուներուն ալ դէմ քուէարկողներու ձայնը։ Չէ որ պարտադրուած երկընտրանքէն խուսափողներու թիւը բաւականին բարձր է։ Նաեւ պէտք է նկատի ունենալ նման մտահոգութեամբ ընտրութեան մասնակցիլ չուզողներու գոյութիւնը։
Երկարատեւ եւ փոթորկալից տարակարծութիւններու շրջանէ մը ետք վերջապէս հասած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը ճշդելու պահը։ Բառին բուն իմաստով աղմկայարոյց այս շրջանի աւարտին անշուշտ, որ կիրքերը չեն հանդարտած եւ ըստ երեւոյթի մինչեւ վերջ ալ պիտի շարունակուին նոյն թափով։ Ինչպէս ծանօթ է այս ընտրութեան նախօրեակին տեղի ունեցաւ աննախադէպ զարգացում մը եւ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը լրջօրէն սահմանափակեց ընտրութեան մասնակցելու իրաւունքը։ Մեր եկեղեցական աւանդութեան մէջ առաջին անգամ երկրէ դուրս գործող եպիսկոպոսներու առջեւ պատնէշ մը դրուեցաւ եւ արգիլուեցաւ անոնց իրենց թեկնածութիւնը առաջադրելու իրաւունքը։ Աւելի ծանր երեւոյթը գոյացաւ, երբ արդար ընտրութիւն կազմակերպելու հեռանկարով պաշտօնակոչուած Նախաձեռնարկ Մարմինն ալ համակերպեցաւ այս անարդարութեան եւ մերժեց պետութեան դէմ առարկելու վարկածը։ Առարկութիւնը խափանողները կ՚արդարանային պնդելով թէ նման առարկութիւն մը կրնայ աթոռին երկար տարիներ եւս թափուր մնալուն պատճառ դառնալ։
Այս պայմաններու տակ 7 Դեկտեմբեր շաբաթ օր, Հոգեւորականաց դասը պիտի ճշդէ կրօնական պատուիրակները։ Իսկ յաջորդ օր Պոլսոյ եւ գաւառի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ժողովուրդը իրենց ձայներով պիտի ճշդեն պատգամաւորներ, որոնք յաջորդող չորեքշաբթի օր Պատրիարքարանի մէջ կայանալիք ժողովով մը պիտի յայտարարեն Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը։
Անշուշտ որ սա ինքնին պայծառ երեւոյթ մըն է, որուն համար պիտի ղօղանջեն եկեղեցիներու զանգակները եւ պիտի աւետեն նորընտիր պատրիարքի գահակալութիւնը։ Սակայն դարձեալ ըստ երեւոյթի ստուեր ինկած պիտի ըլլայ այդ ուրախութեան վրայ եւս, քանի որ ներկայ անարդարութեան պայմաններուն մէջ հարցական պիտի ըլլայ կատարուած ընտրութիւնը։ Սա ինքնին դժբախտութիւն է արդէն նորընտիր պատրիարքի համար։ Անշուշտ որ այդ դժբախտութեան գլխաւոր մեղաւորները պիտի համարուին բոլոր անոնք, որոնք կազմակերպեցին այս դաւադրական բեմադրութիւնը։
Այս պահուն անշուշտ հարցական է նաեւ ընտրութեան մասնակցելու համեմատութիւնը։ Այդ տուեալն ալ ինքնին բացատրական մը պիտի ըլլայ «Ընտրեալ Պատրիարք» կոչումին համար։
Միւս կողմէ Նախաձեռնարկ Մարմինը կը փորձէ զանազան եղանակներով արգելք ըլլալ պարապ քուէներու գործածութեան։ Դիտումնաւոր կերպով կը խուսափի ընտրողներու թիւին մասին յստակ յայտարարութիւններ ընելէ։ Այդ շրջանակներէ հասած տեղեկութեան համաձայն եկեղեցիներէ եկած ցանկերով կը խօսուի 60 հազար ընտրողներու մասին, սակայն այս թուանշանը եւս կասկածելի է, քանի որ ստոյք կերպով չէ յստակացած ձայներու այժմէականութիւնը։
Ընտրութեան ընդառաջ մեր դիմաց գլխաւոր հարցումն է, թէ քանի՞ հոգի պիտի մասնակցի ընտրութեան եւ ի՞նչ համեմատութիւն պիտի կազմէ երկու թեկնածուներուն ալ դէմ քուէարկողներու ձայնը։
նյութի աղբյուրը՝ Ակոս