ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հաւաստի աղբիւրներ «Ազդակ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդը Ղազախստանի մայրաքաղ Ասթանայի մէջ, Յունիս 28-30ին իր գումարած ժողովին ընթացքին որդեգրած է «Ատրպէյճանի հանրապետութեան դէմ Հայաստանի հանրապետութեան բռնարարքին մասին» խորագիրը կրող թիւ «38/10-ս» բանաձեւը, որ կը բաղկանայ 22 կէտերէ։
«Ազդակ» ձեռք ձգած է նշեալ բանաձեւէն օրինակ մը։
Բանաձեւը Հայաստանի կատարած «բռնարարքին եւ բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ հայ բնակեցուածներու տեղակայման» նկատմամբ խոր մտահոգութիւն յայտնելէ ետք, կը դատապարտէ Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի դէմ «բռնարարքը» եւ «բռնագրաւուած ատրպեճանական հողամասերուն վրայ ատրպէյճանցի քաղաքայիններուն դէմ գործադրուող արարքները մարդկութեան դէմ ոճիր» կը նկատէ, նաեւ բուռն կերպով կը դատապարտէ «Ատրպեճանական բռնագրաւուած հողամասերուն վրայ հնագիտական, մշակութային, պատմական եւ կրօնական յուշարձաններուն կեղեգումն ու քանդումը», կը պահանջէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 822, 853, 874, 884 բանաձեւերու գործադրութիւնը եւ «բռնագրաւուած ատրպեճանական հողամասերէն, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղէն, հայկական ուժերու անմիջական, առանց նախապայմանի եւ ամբողջական հեռացումը, իսկ Հայաստանէն կը պահանջէ յարգել Ատրպէյճանի հանրապետութեան գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը»։
Բանաձեւը նաեւ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կոչ կ՛ուղղէ՝ ճանչնալու Ատրպէյճանի դէմ կատարուած «բռնարարքը» եւ ՄԱԿի ուխտի 7րդ յօդուածին հիմամբ՝ հարկ եղած քայլերը որդեգրելու։ Անիկա նաեւ կոչ կ՛ուղղէ՝ գտնելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապին արդար լուծում մը, որ հիմնուած ըլլայ պետութիւններու հողային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութեան վրայ։
Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման համար 1996ին Լիզպոնի մէջ ԵԱՀԿի գերաստիճանին ընթացքին որդեգրուած երեք սկզբունքներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան, Ատրպէյճանի սահմաններուն ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան բարձր մակարդակի շնորհման եւ Լեռնային Ղարաբաղին ու անոր ամբողջ բնակչութեան ապահովութեան երաշխաւորումը։
Բանաձեւը կը նշէ, որ ներկայ կացութիւնը լուծումի իբրեւ հիմք չի կրնար ծառայել եւ կը պահանջէ շրջանի հայերու՝ այդ տարածքներուն մէջ բնակեցման աշխատանքը անմիջապէս դադրեցնել։ Կազմակերպութիւնը ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Ատրպէյճանի պետութեան եւ ժողովուրդին «իրենց երկիրի պաշտպանութեան ի խնդիր թափած ջանքերուն», եւ կոչ կ՛ուղղէ շրջանէն հեռացած ատրպէյճանցի գաղթականներուն ապահով վերադարձը կարելի դարձնելու։
Կազմակերպութիւնը ի վերջոյ կը նշէ, որ Ատրպէյճան իրաւունքը ունի իրեն հասած վնասներուն համար փոխհատուցում պահանջելու եւ Հայաստանը պարտաւոր կը նկատէ պատշաճ փոխհատուցում մը կատարելու։