«Նոր Յառաջ»-ը զրուցել է Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտմիրի հետ.
Օսման Պայտէմիր – Բարի գալուստ կը մաղթեմ Հրանդ Տինք հիմնարկի Տիյարպաքըր այցելութեան ծրագրով քաղաքս ժամանած հայ լրագրողներուն։ Հրանդ Տինք մեր երկրին մէջ ամենէն նշանաւոր եւ կարեւոր անձնաւորութիւններէն է եւ շատ ուրախ եմ, որ անոր գաղափարները կենդանի են ու կ՚ապրին մեր մէջ ու մեզի հետ։ Վստահ եմ եթէ ան ողջ ըլլար պիտի ընէր այն ինչ, որ մենք կ՚իրագործենք այսօր։
Տիգրանակերտը 8.000 տարեկան է եւ քաղաքին մէջ հայ, ասորի, քաղդէացի բնակիչներու ինքնութեան հին եւ արժէքաւոր հետքեր կան։ Դժբախտաբար վերջին հարիւր տարուան ընթացքին կորսուած է շրջանի ութ հազար տարուան ինքնութիւնը, անցեալը։
Անցնող 15 տարիներուն փորձած ենք վերահաստատել Տիգրանակերտի բազմամշակութային իրավիճակը։ Հոս կազմուած են քրտական, ասորական, քաղդէական, հայկական եւ ալեւիներու թաղեր։ Հետեւաբար բարի եկած էք ձեր քաղաքը եւ ուրախ եմ պատասխանելու ձեր հարցումներուն։
Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ տարի (Նոյեմբեր 2012ին) Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ բացումը կատարուեցաւ որ միլիոններ ծախսի նայեցաւ։ Կ՚ուզէինք իմանալ՝ ի՞նչ կը ներկայացնէ այս սրբավայրը ձեզի եւ ընդհանրապէս քաղաքին համար։ Արդեօք տեղացիները տեղեա՞կ են այս հոյակապ կառոյցի անցեալին մասին։
Եկեղեցին կը ներկայացնէ հոս ապրողներուն իրական անցեալը եւ կը վանէ բոլոր բացասական վարկածները։ Ան կառուցուած է քաղաքիս ամենէն մեծ տարածքին վրայ։ Դժբախտաբար այն օրերու սխալ մտայնութեան պատճառով թէ՝ եկեղեցիի մը գմբէթը պէտք չէ մզկիթի մը աշտարակէն (մինարէ) բարձր ըլլայ, քանդած են զայն։ Ս. Կիրակոսի սրբավայրը նորոգելով քաղաքապետարանը յատկապէս կամեցաւ ջնջել այդպիսի նսեմացնող գաղափարներ։ Բացման արարողութեան ես ներկայ չէի, բայց հոն էին Տիգրանակերտի զանազան համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք կտրեցին ժապաւէնը։ Ըսեմ, որ եկեղեցիին նորոգման ծրագիրը ո՛չ միայն իմ այլ ողջ քաղաքացիներու կամքի դրսեւորումն էր՝ մէկ անգամ ընդմիշտ հեռացնելու այդ յետադիմական տեսակէտները։ Իսկ մենք չենք կրնար դատել այդ օրերու մտայնութիւնը, քանի որ Ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է։ Ուրեմն նոր սերունդի դրական կամքի դրսեւորման ապացոյցն է ա՛յս եկեղեցւոյ նորոգումը, որ պատգամ մը ունի փոխանցելիք։ Իսկ ամենէն կարեւոր խորհրդանիշը այն է որ մզկիթի էզանը եւ եկեղեցւոյ զանգակներու ղօղանջը այսօր միատեղ կը հնչեն։
– Մենք հոս Հայերու հանդիպեցանք, որոնք որոշ անբացատրելի պատճառներով կը վախնային ըսելու թէ իրենք Հայ են։ Կ՚ուզէինք գիտնալ թէ ինչո՛ւ այդ մարդիկը կը վախնան դրսեւորելու իրենց հայկական ինքնութիւնը։
– Ատիկա 90 տարի որդեգրուած քաղաքականութեան հետեւանք է, որ ունի թերեւս նաեւ հոգեբանական պատճառներ, թէ անցեալի ողբերգական արարքները եւ վէրքերը տակաւին չեն սպիացած։ Չմոռնանք որ ասկէ 50 տարի առաջ Քիւրտերու համար եւս անկարելի էր իրենց ինքնութեան դրսեւորումը։ Աշխարհագրական այս տարածքին վրայ բազմաթիւ ցեղասպանութիւններ տեղի ունեցած են։ Այսօր ալ Մարտինի մէջ կան մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք ապահով չեն զգար եւ տեղւոյն քաղաքապետարանին ջանքերը բաւարար չեն ամբողջ նահանգի մտայնութիւնը փոփոխութեան ենթարկելու համար։ Չմոռնանք որ տակաւին Հրանդ Տինքը սպաննող անձին «ինքնութիւնը» անյայտ է։ Հետեւաբար այն հարցումին թէ՝ արդեօք ժողովուրդը ապահով կեցութիւն ունի՞ շրջանին մէջ, դժբախտաբար չեմ կրնար պատասխանել։ Գիտէ՞ք, մենք կ՚ուզենք որ ապագային շրջանի բոլոր համայնքները ունենան իրենց ինքնութիւնը, պահպանեն լեզուն, սովորութիւններն ու մշակոյթը եւ ազատօրէն յայտնեն իրենց տեսակէտները։
Մեզի համար ալ այսօր նոյն հարցը կը ծագի։ Գիտէի՞ք որ ամէն առտու դպրոցներու մէջ մեր երախաները սուտ կը խօսին ըսելով, թէ իրենք Թուրք են… ուրեմն մենք եւ դուք միասնաբար նոյն կացութեան մէջ կը գտնուինք։
– Տիգրանակերտի քաղաքապետարանը քաղաքի պատմական շէնքերէն՝ Ճէմիլ Փաշայի ապարանքին մէջ կը ձեռնարկէ թանգարանի մը կառուցման։ Այդ շրջագծով նախատեսուած է թանգարանի հայկական նիւթերու յաւելեալ մէկ մասն ալ տեղադրել Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ յարակից շէնքերուն մէջ։ Այս հարցին շուրջ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյացա՞ծ է։
– Այս մասին քաղաքապետարանը եւ թաղականութիւնը արդէն իսկ կնքած են համաձայնութիւն մը, ըստ որու, քաղաքապետարանը պիտի ստանձնէ թանգարանի յարդարումի, ջեռուցման եւ լուսաւորման ծախսերը եւ եկեղեցւոյ ապահովութիւնը երաշխաւորող պահակներու վճարումը։
Քաղաքի թանգարանին եկեղեցւոյ բաժնին մէջ ցուցադրուելիք նիւթերը աւելի շատ պիտի ցոլացնեն քաղաքի հայկական ինքնութիւնը։
– Ձեր տեսակէտները որքանով կը բաժնեն նաեւ այլ շրջաններու քիւրտ քաղաքապետները։
– Իմ արտայայտութիւններս միայն իմ անձնական կարծիքներս չեն։ Քիւրտ քաղաքապետերու 99 առ հարիւրը կը բաժնեն այս դիրքորոշումները։
– Վերապրողներու սերունդը եւ Սփիւռքի հայութիւնը կ՚ապրի յիշողութեամբ, վկայութիւններու եւ յուշագրական ստուար գրականութիւն գոյութիւն ունի։ Սակայն, վայրերը ունին իրենց յիշողութիւնը։ Վայրերու յիշողութիւնը ճշգրտութեամբ կը պահպանեն անոնք որոնք մնացին հողին վրայ, ըլլան ցեղասպանութեան մասնակից կամ հասարակ ականատես։ Չէ՞ք կարծեր, որ Քիւրտերը կրնան իրենց նպաստը բերել Ցեղասպանութեան լուսաբանումին իրենց վկայութիւններով։
– Իրաւունք ունիք։ Բայց պէտք է արագ ընել։ Որովհետեւ տարեց ականատես վկաները եւ անոնց անմիջական զաւակները «մեկնելու» վրայ են։
Ձեզի պատմութիւն մը պիտի պատմեմ։ Ջարդի օրերուն իմ պապենական տունը կը ներխուժեն օտարականներ։ Մեծ հայրս կ՚առնէ հրացանը որպէսզի պաշտպանէ իր ընտանիքը, սակայն մութին մէջ ձեռք մը կը կեցնէ զինք «մի՛ կրակեր, մենք երկուքս տարբեր կրօնքի կը պատկանինք, բայց մեր Աստուածը մէկ է»։ Եւ մութին մէջէն դուրս կու գայ, հայ դրացին իր ընտանիքով, որոնք եկած էին ապաստան փնտռելու, փախչելով թուրք բանակէն։ Այն ատեն մեծ հայրս զանոնք իր տան մէջ կը պատսպարէ։ Աւելի ուշ մինչեւ Սուրիոյ սահմանը ուղեկցելով, զանոնք ապահով կ՚անցընէ սահմանին միւս կողմը։
Տարիներ ետք, հայրս Թուրքերու զինեալ պայքարով եւ սահմանային արգիլուած առեւտուրով կը զբաղի։ Թրքական կառավարութեան կողմէ կը դատապարտուի։ Փախչելով Սուրիոյ սահմանը կը հատէ։ Այդ ընթացքին ալ ոտքէն ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Սակայն ընկերները զինք մէկ օր ուշ կը գտնեն վիրաւոր վիճակի մէջ։ Բժիշկի կը հասցնեն Գամիշլի։ Բժիշկը կը յայտնէ, որ անպայման պէտք է հատել ոտքը, եթէ ոչ անոր կեանքին վտանգ կը սպառնայ։ Հայրս կտրականօրէն կը մերժէ։ Բժիշկը տեսնելով անոր անդրդուելի կեցուածքը, վրան կը գոռայ, ըսելով «այս որքան պինդ գլուխ մարդ ես։ Կեանքդ պիտի կորսնցնես։ Ո՞ւրկէ ես»։ Հայրս կ՚ըսէ, թէ ինք Տիգրանակերտցի է, այն ատեն բժիշկը աւելի մանրասմասնութիւններ կ՚ուզէ՝ «ո՞ր գիւղը, ո՞ր թաղը, ո՞ր ընտանիքը»։ Յետոյ կը դառնայ հօրս կ՚ըսէ՝ «զիս չճանչցար, ես այսինչին տղան եմ։ Հայրդ մեզի փրկեց…»։ Բժիշկը կ՚ըսէ. «քովս մնացիր, առանց ոտքդ հատելու ոտքի պիտի կանգնեցնեմ»։ Այդպէս ալ կ՚ըլլայ։ Կը բուժուի, բայց ոտքը մէկ ու կէս սանթիմեթր կարճ կը մնայ։