Արաբական աշխարհի տարածքին արձանագրուող եւ շարունակուող զանգուածային ալեկոծումները, վարչակարգերուն դէմ յայտարարուած հասարակական շարժումները կը շարունակեն խլել միջազգային քաղաքականութեան եւ բնականաբար համապատասխան լրատուադաշտին կիզակէտային ուշադրութիւնը։
Առարկայական լրատուութեան բացակայութիւնը այս բոլոր դիպաշարները լուսաբանելու համար սուր կերպով ակներեւ է։ Միակողմանիութիւնը, աւելի ճիշդ բնութագրելու համար՝ ծայրայեղօրէն քաղաքականացուած լրատուութիւնը եւ յատկապէս մեկնաբանական տեղեկատուութիւնը կը շարունակեն յաղթական տեղեկարշաւը՝ քարոզչական հսկայական ալիքներու տակ խեղդելով զանգուածային լրատուամիջոցներուն հետեւող կրաւորական հասարակութիւնները։
Համաշխարհային այս տեղեկարշաւին մէջ յատկանշական է թրքական լրատուադաշտի իրավիճակը։ Մինչ թրքական պետութիւնը արաբական աշխարհի վերիվայրումներուն եւ յատկապէս իր ռազմավարական գործընկեր Սուրիոյ նկատմամբ որդեգրած է խառն պատգամներ փոխանցող յայտարարողական քաղաքականութիւն, թրքական զանգուածային լրատուադաշտը յստակօրէն թեքած է դէպի միջազգային տեղեկատուութեան արտադրութիւնը։
Այստեղ երրորդ մեկնաբանութիւնը դժուար ենթահող կը գտնէ, չըսելու հմար, որ գրեթէ բացառուած է։ Կա՛մ այն է, որ պաշտօնական Անգարայի եւ թրքական տեղեկատուադաշտին մէջ համակարգումը ի սպառ կը բացակայի եւ կա՛մ այն է, որ դերերու բաշխումի հիման վրայ պաշտօնական յայտարարութիւններուն կողքին զարկ կը տրուի արաբական առումով հակաիշխանական տրամադրութիւններու հիմնաւորման եւ միակողմանի լուսաբանման։
Տրուած ըլլալով, որ առաջին տեսութեան վրայ ծանրանալը կ՛ենթադրէ քաղաքական բանականութեան նախնականութիւն, կեդրոնանանք երկրորդ հնարաւորութեան վրայ։ Եգիպտոսի տարածքին արձանագրուող իրադարձութիւններուն հետեւելու իր ճիգին մէջ օրուան գործող իշխանութիւններուն յանձնարարականներ փոխանցող Թուրքիան տակաւ դուրս եկաւ իր զգուշաւորութենէն եւ ի տես հասարակական ալիքի բարձրացման յստակօրէն թեքեցաւ դէպի ընդդիմութիւն։ Եգիպտական իշխանութիւնները ունեցան կոշտ հակազդեցութիւն, յայտարարելով, որ իր դիմագրաւած ներքին խնդիրները նկատի ունենալով, Թուրքիան այն երկիրը չէ՛, որ Եգիպտոսին յանձնարարականներ տալու յաւակնութիւնը պէտք է ունենայ։
Այժմ, հրատապութեամբ կը ներկայանայ Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ պաշտօնական կեցուածքի (կեցուածքներու խաղի) երեւոյթը։ Ըստ բովանդակութեան, ամփոփումը՝ պաշտօնական Անգարայի կողմէ բառախաղերով յատկանշուող կեցուածքներու մարտավարական խաղաշարին հետեւալն է.-Թուրքիան վաղուց յանձնարարած է իր ռազմավարական գործընկերոջ՝ Սուրիոյ անյապաղ ձեռնարկելու բարեփոխումներու։ Թրքական յայտարարութիւնները նկատի ունենալով, Սուրիա ընդառաջելով Թուրքիոյ պահանջին ջնջած է արտակարգ դրութիւնը։ Թուրքիա նաեւ կոչ ուղղած է Սուրիոյ ժողովուրդին վրայ չկրակելու։ Այս կոչը արդէն մերժում է սուրիական պնդումներուն թէ բախումը իրաւապահ մարմիններուն եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ է։
Յայտնապէս, բառախաղերը, խառն պատգամները, միջազգային տեղեկարշաւին համահունչ լրատուութիւններ թողարկելը, հրապարակային յանձնարարութիւններ կատարելն ու Սուրիոյ պաշտօնական կեցուածքները անուղղակի ձեւերով մերժելը աննկատ չեն անցած Դամասկոսի կողմէ։ Սուրիական մամուլի նկատառելի մէկ ներկայացուցիչը յստակօրէն թրքական դերակատարութիւնը կը նկատէ աճապարուած եւ չմտածուած, իսկ Անգարայի վարած շրջանային քաղաքականութիւնն ու վերջին յայտարարութիւնները նոր օսմանականութեան վերականգնողական աշխատանքներուն նորագոյն դրսեւորումները։
Իրաւամբ, թրքական բնորդը լուրջ քննութենէ կ՛անցնի ընդհանրապէս շրջանին եւ այս պարագային յատկապէս Սուրիոյ մէջ։ Այդ քննութեան առաջին արդիւնքները, կը թուի, որ յաջող ըլլալու տպաւորութիւն չեն ձգեր։ Գէթ սուրիական մամուլը սկսած է այդպիսի գնահատականի մը նախաբանը փոխանցել։
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր