ՄԱԿի ամպիոնէն Հայաստանի նախագահը մեր սիրտէն խօսեցաւ: Հայ-թրքական արձանագրութիւններու մղձաւանջը մեր ետին թողելու ազդանշանը տալով՝ նախագահը նաեւ վերջ տուաւ անհեթեթ կացութեան մը, որուն այսքան ձգձգումը անորոշ քաղաքական հաշիւներու ու շահերու վկայակոչումով կը բացատրուէր:
Գոհ ենք եւ կը գնահատենք արտաքին քաղաքականութեան այս շրջադարձը: Հայերէնով արտասանուած նախագահի ելոյթը, թրքական քաղաքականութեան գնահատումը հայկական գունեղ արտայայտութիւններով համեմելու անոր ոճը, անշուշտ, մեր ականջին հաճելի հնչեց ու ըստ սովորութեան՝ սկսանք երեւակայելու, որ ահա՛ այս ելոյթով Սերժ Սարգսեան կարեւոր քայլ մը կ՛առնէ՝ դառնալու այն նախագահը, որ ազգային կարեւորագոյն խնդիրներու հանդէպ այլեւս առողջ, արդար դիրքորոշում պիտի ունենայ: Կարելի է, չէ՞, յուսալ, որ համահայկական համագումարի հանդիսաւոր մթնոլորտէն տոգորուած, իր իսկ արտասանած ազգայնաշունչ ճառերէն ոգեւորուած՝ Սարգսեան անդրադարձած է, որ այլեւս հասած ենք անդունդի եզերքը եւ որ ժամանակն է փոխելու իր բռնած կործանարար գործելակերպի հունը եւ մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչելու, թէ կարելի է բարգաւաճ ու հզօր երկիր մը կերտել:
Այս չքնաղ երեւակայութիւնը ցրելու համար, սակայն, բաւարար եղաւ կարդալ Հայաստանի կառավարութեան որոշումը՝ Սուրիկ Խաչատրեանի՝ Լիցկա կոչուածին, Սիւնիքի մարզպետ նշանակման մասին: Ամենաթողութեան մթնոլորտը պիտի շարունակուի, յանցագործ պաշտօնեաներու չարաշահումները ոչ միայն պիտի հանդուրժուին, այլ պիտի խրախուսուին, «մեր հետ խաղ չկայ»ի տղայամիտ վարքագիծը պիտի մնայ իշխանական վերնախաւի գործելակերպին հիմնական յատկանիշը: Խանդավառութիւնը արդէն տժգունեցաւ: