Երէկուան հանրահաւաքը խաղաղ աւարտ ունեցաւ: Նախկին տխուր փորձառութիւններու լոյսին տակ, կարելի էր ակնկալել, որ Ազատութիւն հրապարակ մտնելու ցուցարարներուն որոշումը կրնար ողբերգական իրադարձութիւններու պատճառ դառնալ:
Բարեբախտաբար այդպէս չեղաւ: Բարեբախտաբար Մարտի մէկը չկրկնուեցաւ ու մեր ժողովուրդին խնայուեցաւ իւրայինի արիւն թափելու մղձաւանջի վերապրումը:
Ցուցարարներէն ոմանց կիրքն ու ոստիկաններու մեծաթիւ ներկայութիւնը կրնային գրգռիչ վիճակներու պատճառ դառնալ, իսկ զարգանալով՝ կրնային վերածուիլ ամօթալի ու արիւնալի յիշատակներ «պարգեւող» իրադարձութեանց:
Ազատութիւն հրապարակի հաւաքին խաղաղ աւարտը կը պարտինք թէ՛ իշխանութեանց՝ յանձինս ոստիկանութեան, եւ թէ ցուցարարներու ղեկավարներուն՝ յանձինս Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, որոնք երկուստէք ցուցաբերեցին գնահատելի ողջախոհութիւն ու թոյլ չտուին, որ մթնոլորտը անտեղիօրէն սրի:
Վերջին շրջանին, թէ՛ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ թէ ՀԱԿի ղեկավար Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթներուն մէջ արդէն կարելի էր նկատել նշաններ, որոնք կը թելադրէին երկիրը ցնցումներէ հեռու պահելու մտահոգութեան մը առկայութիւնը:
Նախագահ Սարգսեանի ելոյթները, անոր՝ կառավարութեան անդամներուն, մարզպետներուն ու ոստիկանութեան ուղղած պատգամներն ու ազդարարութիւնները յայտնապէս կը միտին ժողովուրդին մօտ «սրտցաւ պաշտօնեայի» պատկերացում մը յառաջացնելու, որուն շնորհիւ ալ, իշխանութիւնները առնուազն որոշ ժամանակ շահելու հնարաւորութիւն կ՛ունենան՝ մեղմացնելով հասարակութեան մէջ ահագնացող լարուածութիւնը: Ոստիկաններուն վարքագիծը՝ Ազատութիւն հրապարակին վրայ՝ նախագահի առայժմ զուտ քարոզչական նոր ռազմավարութեան դրսեւորումը կարելի է նկատել:
Լեւոն Տէր Պետրոսեանի՝ երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելու մտահոգութիւնը ողջունելի նորութիւն է: Նման մարտավարութեան որդեգրումը կրնայ թելադրուած ըլլալ ընդդիմութեան ուժի ճշգրիտ գնահատումէն, իշխանութեանց հետ որեւէ բախում՝ յաղթական աւարտի հասցնելու անկարողութեան գիտակցումէն: Յամենայնդէպս, ինչ դրդապատճառ ալ ունենայ այդ մօտեցումը, զայն կարելի է միայն ողջունել, որովհետեւ այս մարտավարութեան որդեգրումով, Հայաստանի մէջ մէկ հարցի շուրջ համազգային համաձայնութիւն գոյացած կ՛ըլլայ. այն՝ որ ազգային գերագոյն շահը կը պահանջէ ամէն գնով պահպանել ու պաշտպանել Հայաստանի կայունութիւնը:
Անշուշտ, առաւել ողջունելին պիտի ըլլար այն, որ ոչ մէկ քաղաքական ուժ փորձէր չարաշահել այս համաձայնութիւնը:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ