Tuesday, 23 04 2024
Իրականացվել են վթարավտանգ հատվածի վերացմանն ուղղված միջոցառումներ
Ձերբակալվել է ՌԴ պաշտպանության փոխնախարարը
Վարչապետի գլխավորությամբ տեղի է ունեցե ՔՊ նիստ
Իրանը հարգում է Բաքվի և Երևանի միջև ձեռք բերված պայմանավորվածությունները
Քննարկվել են Հայաստան-Հունգարիա երկկողմ հարաբերությունները
ԱՄՆ քաղաքացու նկատմամբ ավազակային հարձակում է գործել․ նրան կալանավորել են
Երևանում կայացավ ջահերով երթը դեպի Ծիծեռնակաբերդ
Բռնարարները կրկնում են իրենց անմարդկային գործողությունները, քանի որ հայերի դեմ իրագործված առաջին ցեղասպանությունն անպատիժ է մնացել. ԱՄՆ սենատոր
Դատապարտում ենք Տավուշի մարզային կառույցի անդամների կողմից բռնությունները ժողովրդի նկատմամբ․ ԵԿՄ Վանաձորի կառույց
Վարդենիս քաղաքում կառուցվել և գործում է նոր մարզահրապարակ
Պուտինն ու Ալիևը նոր ու խոշոր «առևտուր» են սկսել
ՀՅԴ-ական երիտասարդները այրեցին Թուրքիայի և Ադրբեջանի դրոշները
Հիբրիդիային թեժացող պատերազմ Հայաստանի դեմ
Սահմանազատման առաջին արդյունքը. ինչ է կատարվում Տավուշում
Հոգևորականներն էլ կարող են առաջնորդություն անել. Սերժ Սարգսյան
Եթե ճիշտ եք հասկացել՝ այո. Սարգսյանը վերահաստատեց «Փաշինյանը ճիշտ էր, ես՝ սխալ» հայտարարությունը
ՀՀ ՄԻՊ Մանասյանը քրեակատարողական հիմնարկում տեսակցել է Դավիթ Տոնոյանին
22:45
ԱՄՆ-ը հայտարարել է միջուկային փորձարկումների անհրաժեշտության բացակայության մասին
Ռուսաստանը Մոլդովայում «ներքին Թուրքիա» է ստեղծում
Անվտանգային լուրջ ռիսկեր վերացան. Մոսկվան 5-րդ շարասյան միջոցով սաբոտաժ է անում
Հայաստանը՝ Պուտինի «կենսական տարածքի» մաս
Համաձայն չեմ, որ համայնքապետները դժգոհ են. Վահե Ղալումյան
Մոսկվան և Բաքուն փորձում են հետ բերել կորցրածը
Սահմանազատման սողանցքները․ կփակվի Վրաստան տանող ճանապարհը
Գագիկ Բեգլարյանից պահանջվում է տասնյակ բնակարաններ, տներ, տարածքներ, փող
Պուտին-Ալիև հանդիպման հիմնական ուղերձը
Այս սցենարից են սարսափում Վրաստանում
21:30
Մեծ Բրիտանիայի պաշտպանական արդյունաբերությունն անցնելու է պատերազմական ռեժիմի
Live. «Առաջին լրատվական» տեղեկատվական-վերլուծական կենտրոն
ԱԽ քարտուղարը չի մասնակցի Սանկտ Պետերբուրգում Անվտանգության հարցերը համակարգող բարձր ներկայացուցիչների 12-րդ միջազգային հանդիպմանը

Մարսելցիները Հայաստանին օգնելու մեծ ձգտում ունեն

Ներկայացնում ենք «Նոր Յառաջ»-ի հարցազրույցը Մարսիլիոյ Հիւպատոս՝ Վարդան Սրմաքէշի հետ:

Ի՞նչ է պատճառը, որ ձեզի մղեց ընդունելու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսի պաշտօնը Մարսիլիոյ մէջ։

Զգացի, որ Ֆրանսայի մէջ պարապութիւն մը կայ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս 20-22 տարիներու ընթացքին՝ կարողացաւ լաւ դեսպանատուն մը հիմնել Փարիզի մէջ, լաւ շէնքով ու յարմարութիւններով։ Բայց գիտնալով եւ ճանչնալով Մարսիլիան, որովհետեւ երիտասարդ եղած ատենս մի քանի ընկերներ ունէի որ այնտե-ղը կ՚ապրէին, ես՝ Թուրքիայէն Զուիցերիա անցած էի, անոնք ալ հաստատուած էին Մարսիլիա, այդ պարապութիւնը զգացի։ Հարկաւ առաջարկը եկաւ դեսպան՝ Պարոն Նալբանդեանէն, որ այնտեղ՝ հիւպատոսարան բացուի։ Ատիկա անմիջապէս ես զգացի՝ այո՛, ճիշդ էր իր մտածածը եւ պէտք էր ընել։ Եւ այս կէտէն մեկնելով՝ պէտք է Լիոնն ալ նկատի ունենալ, ինչ որ անհրաժեշտութիւն մըն է։

Ի՞նչպէս կը տեսնէք ձեր առաքելութիւնը այս պաշտօնին վրայ։ Որո՞նք են ձեր աշխատանքային ծրագիրները, կարելիութիւնները՝ տնտեսական, մշակութային, ընկերային, կրթական։

Նախ, խորհրդանշական ըլլալով, Հայաստանին պատիւ բերող երեւոյթ է գլխաւոր հիւպատոսարան մը ունենալ Մարսիլիոյ մէջ, որու շնորհիւ ժողովուրդն ալ պէտք է իրեն աւելի լաւ զգայ ֆրանսացի հարեւաններուն դիմաց։ Գանըպիէրի վրայ՝ 140 մեթր քառակուսիի չափ, առժամեայ գրասենեակ մը հաստատեցինք գործնական եւ արդիւնաւէտ ըլլալու համար։

Երեք ամիս է արդէն բացուած է ու լիարժէք կը գործէ։ Հիւպատոսի տեղակալ մը նշանակուած է յանձինս Լեւոն Դաւթեանի։

Սակայն հիւպատոսարանի բուն շէնքը 2013ի առաջին եռամսեայի ընթացքին, Մարսիլիոյ Մոնթիչելլիի շրջանին մէջ առանձնատան մը մէջ պիտի բացուի։ Ներկայիս շինարարական աշխատանքներու մէջ է։ Այս՝ առաջինը։
Երկրորդ կէտը՝ ինչ որ ալ ըլլայ, պետութիւն-պետութիւն յարաբերութիւններու զարգացման համար ալ անհրաժեշտ է, պետութիւն-համայնք (գաղութ) յարաբերութիւններու կողքին։

Կրնա՞ք մանրամասնել թէ գործնական ինչ առաքելութիւն ունի հիւպատոսարանը։

Նախ՝ շփման տարածք մը (interface) ըլլալ՝ հայկական քաղաքացիութիւն ունեցողներուն՝ նահանգապետարանին դիմաց, յետոյ՝ ծառայութիւն տալ բոլոր այցագրային եւ փաստաթղթային գործերու մէջ։ Օրինակ՝ զգացի, որ ժողովուրդին մէջ բաւական մեծ ցանկութիւն կայ՝ ունենալու երկքաղաքացիութիւն՝ հայկական անձնագրով։ Նաեւ նպատակ ունինք՝ դիւրացնելու մշակութային եւ տնտեսական յարաբերութիւնները երկու երկիրներու միջեւ՝ հաւատալով, որ ֆրանսացի ձեռնարկատէրերը երբ որ Հայաստանի ճամբով կը գործակցին Ռուսաստանի կամ ԱՊՀ երկիրներու մեծ շուկաներուն հետ, լաւ փլաթֆորմ (հիմք) մը կրնան ունենալ, որովհետեւ Հայաստանն ունի որոշ տնտեսական գրաւչութիւն՝ ըլլայ առեւտրական, ըլլայ դրամատնային, ըլլայ լեզուական եւ ծառայողական (լոժիսթիք) ոլորտներուն մէջ։

Պզտիկ օրինակ մը տամ: Երիտասարդ խելացի գործարար մը կայ. Պերն կ՚ապրի՝ դեղերու մարզին մէջ կ՚աշխատի, եւ շատ-շատ գոհ է, որ իր գործունէութիւնը կը ծաւալէ Հայաստանէն դէպի Ռուսաստանի շուկաներ՝ Հայաստանէն ռուսախօս տղաներ ճարելով, եւայլն):

Իսկ Հայաստանը տնտեսապէս գրաւիչ երկիր մը դարձնելու գործին մէջ՝ մարսիլիահայութիւնը ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ։

Մարսիլիացիներու մէջը (եւ ընդհանրապէս՝ ամբողջ Սփիւռքի մէջ) մեծ փափաք մը կայ՝ օժանդակելու Հայաստանի Հանրապետութեան, որ իրականութիւն մըն է այլեւս։ Սփիւռքի շատ մը գաղութներ, այլեւս Հայաստանով կ՚ապրին, Հայաստանով կը մտածեն, Հայաստանով կը շարժին, այս միտումը կայ։ Սա աւելի սուր կը զգացուի Մարսիլիոյ մէջ։ Հարկաւ, կամուրջի մը պակասը կար՝ կապելու այս երկու կողմերը։ Մէկ խօսքով ամէն մարդ բան մը ընել կ՚ուզէ, վերջապէս պէտք է անոնց տրուին ուղղութիւններ, միջոցները եւ վարչարարական դիւրութիւնները։

Անցեալէն ալ պէտք է դասեր քաղել։ Օրինակ, ուրիշ սոսկալի վիճակ մը. 30 տարի առաջ, շատ մը Հայեր, Փարիզի, Գլամարի մէջ լիւքսի գործի մէջ էին, այսինքն՝ «մայ»եր կը շինէին, ինչ որ լիւքս գործ կը համարուէր։ Բայց հիմա բոլոր այդ գործը ընողները չկրցան փոխակերպուիլ, շատերն իրենց աշխատանոցները գոցեցին, եւ կաշիի գործի մէջ չկրցան մտնել։ Մասնագիտական խորհրդատւութեան հարցեր ալ կան, որոնք շատ օգտակար են եւ անհրաժեշտ՝ ապագան կերտելու համար։

Այսինքն՝ խորհրդատւութեան, ռազմավարական ծրագրի մը մշակման պակա՞ս կայ. հիւպատոսարանը կրնա՞յ այդ դերը ստանձնել։

Չէ, այս հարցը ամբողջ ֆրանսահայութեան խորհիլը պէտք է։

Քանի որ միաժամանակ թէ՛ սփիւռքահայ էք, թէ՛ Հայաստանի դիւանագիտական անձնակազմի անդամ, ո՞ր կողմը կը գերակշռէ։

Կողմերու հարց չկայ, իմ գործունէութիւնս կը տեղաւորուի միացեալ հայ ժողովուրդի, Հայրենիք-Սփիւռք միասնութեան գաղափարին մէջ։ Այս գաղափարը յաջողութեամբ կ՚իրագործէ երկրի նախագահը եւ Արտաքին գործոց նախարարը եւ անշուշտ Սփիւռքի նախարարը։ Սփիւռքահայութեան ներգրաւումը՝ պետականաստեղծ գործընթացներուն, դրական բազմաթիւ ազդակներ պիտի հաղորդէ Հայաստանի զարգացման։

Փաստօրէն, առաւելութիւն մը ունիք, քանի որ աւելի լաւ կը ճանչնաք Սփիւռքի խնդիրները, բայց միաժամանակ նաեւ գործարար էք. գործարար ըլլալը եւ դիւանագիտական պաշտօն վարելը զիրար կը խաչաձեւե՞ն թէ ոչ։

Գործարարութեան տարբեր մակարդակներ կան։ Գոյութիւն ունին մինչեւ իրենց ողն ու ծուծը գործարար ձեռնարկատէրեր, մինչդեռ Հայերը մեծ մասամբ, բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար, քաղաքական խնդիրներու մէջ ծնած են, ուզեն-չուզեն քաղաքականութենէ կախեալ են, եւ այս երկու հարցերը իրարու չեն հակասեր, ընդհակառակը՝ զիրար կը լրացնեն։ Ժամանակի առումով ալ՝ կարելի է ամէն բան կազմակերպել՝ խորհրդականներու, աշխատակիցներու միջոցով։

Ի՞նչպէս կը գնահատէք մօտակայ ապագային Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի զարգացման հեռանկարները։
Միշտ եղած եմ, առաջին օրուընէ, լաւատես։

Իսկ Հայաստանի ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք, ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուին դժուարութիւնները։

Դժուարութիւնները աշխարհին կը պատկանին. բազմաթիւ երկիրներ իրենց դժուարութիւնները ունին։ Բայց կը մնայ վստահիլ ժողովուրդին ողջմտութեան եւ պետութեան հեռատեսութեան։ Ճափոնէն մինչեւ Ամերիկա, Ամերիկայէն մինչեւ Չինաստան, Չինաստանէն մինչեւ Եւրոպայի երկիրները՝ Հայաստան ընդունուած է իբր հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն վարող պետութիւն մը։ Ուրեմն, ասիկա պէտք է օգնէ նաեւ տնտեսութեան զարգացման։ Բայց կառավարութիւնը եւ պետութիւնը մինակ ձգել պէտք չէ. մենք, գործարարներ ըլլալով, պէտք է մենք ալ ձեռք մը տանք, չսպասենք որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընէ ամէն բան, պէտք է մենք ալ այդ թափին մէջը մտնենք՝ հաւատալով մեր հայրենիքին, հաւատալով անոր ապագային։

Իսկ Սփիւռքահայ կառոյցներու գործունէութիւնը եւ ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք։

Անհրաժեշտ են Հայաստանի համար, որուն համար ալ կազմակերպուիլ պէտք է։

Ըսել է թէ՝ կազմակերպուած չենք։

Միշտ պէտք է ձգտիլ աւելի լաւին, միշտ կատարելագործուիլ. ես կը կարծեմ, որ դեռ ընելիք ունինք։ Ճանապարհ ունինք կտրելիք։ Եւ ատիկա Հայաստանէն չէ, որ պէտք է գայ, այլ աւելի՝ Սփիւռքահայութենէն։

Նորի, նորոգուելու պահանջը կա՞յ մարսիլիահայութեան մօտ։

Դժբախտաբար, համարկման ու ուծացման չափերը մեծ են, ինչ որ չենք կրնար ժխտել։ Սփիւռքահայութեան երեւելի կամ գործունեայ անձերը պէտք է մշակեն նոր հորիզոններ, նոր թիրախներ, որ կարենանք հետաքրքրել մեր երիտասարդութիւնը։ Սա այն տեղն է, ուր մենք պարապութիւն ունինք։ Չենք կրցած հետաքրքրել երիտասարդութիւնը հայութեամբ։ Պետութիւնն ալ իր դերը ունի կատարելիք՝ այս ուղղութեամբ։ Յետոյ, փոխադարձաբար շահաւէտ առեւտրական (commercial) կապեր պէտք է նախատեսել։

Վերջին հարցում մըն ալ հայախօսութեան աւանդական յենասիւներուն վերաբերեալ՝ եկեղեցի, դպրոց եւ հայատառ մամուլ, ասոնց զարգացումը կամ ապագան ի՞նչպէս կը տեսնէք։ Երկքաղաքացիութիւն՝ երկլեզւութեա՞մբ եւ երկմշակութայնութեա՞մբ թէ առանց։

Բոլոր յենասիւներն ալ անհրաժեշտ են։ Ես Մարսիլիոյ իմ փորձառութենէս խօսիմ. առաջին՝ Համազգայինի դպրոցը պաշտօնական այց մը ունեցայ, պատուիրակութեամբ մը գացինք, երախաներուն հետ ճաշեցինք, երեք ամիս վերջն ալ՝ իրենց կազմակերպած երեկոյթի մը մասնակցեցայ, անձնական քաջալերութիւնս ալ յայտնեցի։ Շատ ալ լաւ գործ ըրած են՝ 350 աշակերտով դպրոց ունենալը դժուարին եւ շնորհակալ գործ մըն է։ Մամուլը Մարսիլիոյ մէջ շատ զարգացած չէ. միայն Արարատ-TV-ն կայ, եւ զգացի որ որոշ տինամիզմ մը կայ՝ ուր որ երթանք իրենք ներկայ են։ Փարիզէն ալ «Նոր Յառաջ»ը կը ստանան, ատիկա լաւ բան մըն է։ Իսկ երրորդը՝ եկեղեցին, ներկայ եղայ արարողութիւններուն՝ ըլլայ Փրատոյի մէջ, ըլլայ Պօմոնի մէջ, բաւական ժողովուրդ կար։

Սակայն, իմ ալ համոզումս է որ երկլեզւութեան, երկմշակութայնութեան զարգացումը պէտք է ապահովել բոլոր հնարաւոր միջոցները գործածելով։ Մենք, սփիռքահայ ըլլալով, պէտք է մենք մեզի դաստիարակենք, մենք պէտք է նոր մոտէլ մը ստեղծենք, որ առաւել կենսունակ ու արդիւնաւէտ ըլլայ։

Բաժիններ
Ուղիղ
Լրահոս
Որոնում