Հոլանտայի խորհրդարանը պիտի քննէ ցեղասպանութեան հրապարակաւ եւ կանխամտածուած ժխտումը պատժելու մասին օրինագիծ մը, որ 2006ին Քրիստոնէական միութիւն խմբակցութեան կողմէ ներկայացուած էր Հոլանտայի ներկայացուցիչներու տան, եւ մինչեւ այսօր չէր վայելած մեծամասնութեան աջակցութիւնը, այլ անոնց կողմէ քննադատութեան կ’ենթարկուէր։
Առարկութիւններէն մէկը կը վերաբերէր այն հարցին, թէ արդեօք այսպիսի օրինագիծ մը անհրաժե՞շտ է, նկատի ունենալով, որ հոլանտական քրէական օրէնսգիրքի խտրականութեան մասին յօդուածները արդէն իսկ բաւարար երաշխիքներ կը նախատեսեն ցեղասպանութեան ժխտման պատժելիութեան համար։
Քրիստոնէական միութիւն կուսակցիւնը վերջերս կազմակերպած էր կլոր սեղան մը, ուր քանի մը խմբաւորումներ մեկնաբանած էին օրինագիծը։ Օրինագիծի հեղինակ՝ Քրիստոնէական միութիւն խմբակցութիւնը, իր պատասխան յուշագիրին մէջ, ի թիւս այլոց, ընդգծած է ցեղասպանութեան հերքման բացայայտ քրէականացման անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնուելով Նոյեմբեր 28, 2008ի՝ «Պայքար ցեղապաշտութեան եւ այլատեացութեան որոշ ձեւերու ու դրսեւորումներու դէմ քրէական օրէնքի միջոցով» Եւրոպական միութեան որոշումին վրայ։
Օրինագիծին մէջ սահմանուած է ցեղասպանութիւն եզրը, եւ իբրեւ օրինակ, հոն նշուած են Ողջակիզումը, Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուանտայի եւ Սրեպրենիչայի ցեղասպանութիւնները։
Կ’ակնկալուի, որ մինչեւ 2011ի վերջաւորութիւնը, օրինագիծը քննուի Հոլանտայի խորհրդարանի լիագումար նիստի մը ընթացքին։