«Նոր Յառաջ»-ը գրում է. Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը՝ CCAF իր խոր ցասումը կ՚արտայայտէ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու Ազէրպայճանի նախագահ Ի. Ալիեւի որոշումին առթիւ:
Վերյիշելէ ետք զազրելի սպանութեան պարագաները՝ կ՚ըսուի, թէ մինչ 2006ին Հունգարիոյ արդարադատութիւնը ցկեանս բանտարկութեան արժանի նկատուած արարքը կը գնահատէր «կանխամտածուած, չարակամ եւ ծայր աստիճան դաժան», Ազէրպայճանի նախագահը միշտ կ՚արդարացնէր զայն, ջանք չէր խնայեր ազատագրելու համար մարդասպանը, զոր ասկէ քանի մը տարի առաջ ալ հռչակեց «Ազէրպայճանի ազգային հերոս»:
Կը նշուի, թէ Հունգարիա իր այս քայլով բոլորովին խզեց եւրոպական արժէքներուն հետ: Կ՚ընդգծուի նաեւ Ալիեւ «գահատոհմ»ին ցեղապաշտ եւ ոճրագործ նկարագիրը: Այս հրամանագիրը ստորագրելով՝ Իլհամ Ալիեւ, միապետութենէն անդին, կը դառնայ հայ երիտասարդ սպային սպանութեան պատուիրատուն, քանի որ կը ստանձնէ Սաֆարովի բարբարոս արարքին պատասխանատւութիւնը»:
Եւ վերջապէս, կ՚ըսուի, թէ այս գայթակղեցուցիչ գործողութիւնը պէտք է խորհրդածութեան մղէ ՕԹԱՆ-ը, որու պատիւը ոտնակոխուեցաւ այս որոշումով՝ իր ընդհ. քարտուղարին Կովկաս կատարելիք շրջապտոյտէն հազիւ քանի մը օր առաջ: