Saturday, 20 04 2024
12:00
Էկվադորում էներգետիկ ճգնաժամ է. 2 ամսով արտակարգ դրություն է հայտարարվել
11:45
Նավթի գները նվազել են – 19-04-24
Բացահայտվել է «Սևան ազգային պարկ» ՊՈԱԿ-ում առանձնապես խոշոր չափերով հափշտակությունների և փողերի լվացման բազմադրվագ դեպքը
38-ամյա որդին դանակի մի քանի հարված է հասցրել հորը և սպանել նրան
Ապօրինի ընդերքօգտագործման հետևանքով պատճառված վնասն ամբողջությամբ վերականգնվել է
10:45
Գուտերեշը ողջունում է Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև ձեռք բերված համաձայնությունը
Եթե Երևանը Արցախի էթնիկ զտման հարցով չդիմի ՄՔԴ, կդառնա Բաքվի հանցակիցը
Հատուկ տակտիկական ուսումնավարժություն՝ Սյունիքում
Ադրբեջանը կռվախնձոր է դառնում տարածաշրջանում՝ ինչպես Հայաստանը 2020-ին
10:09
Սա կարևոր քայլ է տևական և արժանապատիվ խաղաղության համաձայնագրի կնքման ճանապարհին. Բլինքեն
192 տոննա ոսկի է մտել Հայաստան. աննախադեպ են նաև արտահանման ծավալները
Սպասվում են տեղումներ
Արամ Սարգսյանի մտերիմին մեկ բուլդոզերի համար 700 հազար դոլար են տվել. «Հրապարակ»
Արցախի վերնախավը հավաքվել էր. «Հրապարակ»
Ալիեւը մեկնում է Մոսկվա. դրա՞ համար էր Տոկաեւը եկել Երեւան
Վահագն Հովակիմյանն ու ՄԻՊ-ը կգնան Ազգային ժողով. «Հրապարակ»
Նիկոլ Փաշինյանի հերթական նվերը Ադրբեջանին. «Հրապարակ»
Մինչեւ Տավուշի հողերի հանձնման հարցն էր լուծվում, Փաշինյանը բեմականացում էր վայելում. «Հրապարակ»
Թաթուլ Ասիլյանի տան վրա արձակված կրակոցի գործը օդից է կախված․ միակ կասկածյալի խափանման միջոցը փոխվել է. «Ժողովուրդ»
Որոնվող տղամարդը հայտնաբերվել է «Նահատակ» կոչվող հանդամասում
00:45
Տղամարդն ինքնահրկիզվել է Նյու Յորքի դատարանի շենքի մոտ` Թրամփի գործով լսումների ժամանակ
Մայրաքաղաքում բացօթյա առևտուրն արգելվում է
ՀՀ և Ադրբեջանի պայմանավորվածությունների կյանքի կոչումը կբերի խաղաղություն նաև ողջ տարածաշրջանում. պատգամավոր Գրիգորյան
00:12
«Սահմանազատման գործընթացի վերաբերյալ հուսադրող լուրեր կան»․ Կլաար
Գավառում մոր կողմից երեխային բռնության ենթարկելու գործը նախաքննության փուլում է
Մայիսի 1-ից ուժի մեջ է մտնում ՃԵԿ խախտման Էլեկտրոնային ծանուցումը նախընտրելու դեպքում 20 տոկոս նվազ բոնուսը
Զառի դպրոցը «հազարապետ» Փաշինյանին հրավիրել է՝ դիտելու «Պապ թագավոր» ներկայացումը
«Սիրո սեղան». AMAA-ի «Հայասա» թատերախումբը փայլեց նորովի
Տավուշից ոչ մի միլիմետր չի հանձնվում. Լիլիթ Մինասյան
Ստեփանծմինդա-Լարս ավտոճանապարհը փակ է բոլոր տեսակի տրանսպորտային միջոցների համար

Սփիւռքի միա՛կ նպատակը պէտք է ըլլայ հզօրացնել Հայաստանը եւ պահպանել Արցախի հողային ամբողջականութիւնը. Րաֆֆի Տուտագլեան

«Նոր Յառաջ» պարբերաթերթին հարցազրոյցը «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանի հետ:

2016 Մայիս 10-ին «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ նոյն հիմնարկի գործունէութիւնը առաջ տանելու նպատակով գործադիր տնօրէն նշանակուած է Րաֆֆի Տուտագլեան, որ այնուհետեւ ստանձնած է հիմնադրամին հանրային յարաբերութեանց պատասխանատւութիւնը։

Լիբանան ծնած Տուտագլեան հայութեան առընչուող զանազան հաստատութիւններու մէջ աշխատած է Լիբանանի, Լոս Անճըլըսի, Թորոնթոյի եւ Երեւանի մէջ, ուր դանիական բարեսիրական Արեւելեան առաքելութեան կազմակերպութեան Հայաստանի վարիչն էր։
Յուլիս 2016-էն ի վեր ան կը վարէ «Թիւֆէնքեան»-ի գործադիր տնօրէնի պաշտօնը՝ փոխարինելով Անդրանիկ Գասպարեանին։

Րաֆֆի Տուտագլեան – Երբ 2004-ին Հայաստան փոխադրուեցայ, այն ատեն կ՚աշխատէի դանիական միջազգային կազմակերպութեան մը մէջ, որ կրթական եւ առողջապահական ծրագրեր կը մշակէր։ Յետոյ երբ իմացայ որ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը գործադիր տնօրէն մը կը փնտռէ դիմում կատարեցի եւ ընդունուեցայ։ Հիմնադրամին մա՛նաւանդ արցախեան գործունէութիւնը սրտիս շատ կը խօսի։

Հիմնադրամին անձնակազմը քանի՞ հոգի կը հաշուէ։

– Մնայուն անձնակազմը տասը հոգի է, իսկ մնացեալը կախեալ է մեր գործունէութեան ծաւալէն։ Եթէ մեծ շինարարական գործ մը ունինք՝ քսան-երեսուն հոգի կը վարձենք, իսկ փոքր ծրագրերուն համար բնականաբար աւելի նուազ թիւով աշխատակազմի պէտք ունինք։ Իսկ այս բոլորին գործունէութեան կը հսկէ Ճէյմզ Թիւֆէնքեանի ղեկավարած հինգ հոգինոց հոգաբարձուներու խորհուրդը՝ երեքը Ամերիկայէն եւ երկուքը Եւրոպայէն։

Որո՞նք են «Թիւֆէնքեան»-ի հիմնական նպատակները։

– Հիմնադրամը գլխաւոր երկու առաջնահերթութիւն ունի. առաջինը՝ Արցախի Հանրապետութեան ազատագրուած տարածքներու բնակեցումն ու զարգացումն է՝ տնտեսական ներդրումներով, ենթակառոյցներու նորոգութեամբ, ինչպէս դպրոց, բուժարան, ջրամբար եւ այլն։ Այս ուղղութեամբ Քաշաթաղի օրինակը բերելով կրնանք ըսել, թէ այդ շրջանին մէջ գիւղ մը չկայ որ մեր հիմնադրամը բնակիչներուն օգնած չըլլայ՝ զանոնք բնակարանով, ջուրով, լոյսով օժտած չըլլայ։ Իսկ մեր նոյնքան կարեւոր երկրորդ նպատակը Հայաստանի մէջ ընկերային արդարութեան հաստատումն է։ Հայրենիքի մէջ կ՚օգնենք ոչ-կառավարական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ծրագրերուն, համալսարաններուն, start-up-ներու, որոնք նոր գաղափարներ մէջտեղ կը բերեն, ստեղծած ենք կիներուն աջակցող կեդրոնը, «Վէմ» ձայնասփիւռը, աջակցած ենք Մեծամօրի շրջանը ապրող անապահով ընտանիքներուն, անոնց տրամադրելով ընկերային ծառայութիւններ…։

Ինչո՞ւ յատկապէս կ՚աջակցիք Մեծամօրի շրջանին։

– Օրին այնտեղ բնակեցուած են ընկերային առումով անապահով ընտանիքներ, որոնք արդէն խորհրդային տարիներէն ի վեր լուրջ հարցեր կը դիմագրաւեն։ Նման օժանդակութեան ծրագիր մը ներկայիս կը գործադրենք Տաւուշի սահմանային շրջաններուն մէջ, ուր կը տիրէ պատերազմական վիճակ եւ աղքատութիւն։ Հոն ալ երախաներուն եւ ընտանիքներուն աջակցութիւն կը ցուցաբերենք։

Ի՞նչ ձեւերով կ՚իրագործուին այդ օգնութիւնները:

– Օրինակ՝ համայնքային կեդրոններ ստեղծած ենք, ուր երախաները կ՚երթան ամէն օր եւ զանազան աշխատանոցներու կը մասնակցին՝ թատրոն, նկարչութիւն, երգ, երաժշտութիւն եւ այլն։ Անոնց նաեւ սնունդ կը տրամադրենք։ Իսկ ընտանիքներուն հետ կապ կը պահեն մեր հիմնադրամի ընկերային հարցերու մասնագէտները, որպէսզի անոնց ընտանեկան պայմանները բարելաւուին, աշխատանքի վերաբերող հարցերը լուծուին։

Ընդհանուր առմամբ քանի՞ հոգի կ՚օգտուի ձեր ընկերային ծառայութենէն։

– Մեծամօրի շրջանին մէջ շուրջ 100 երախաներ կը յաճախեն համայնքային կեդրոն, իսկ Տաւուշի մէջ, ուր երկու կեդրոններ ունինք, մօտ ապագային հաւանաբար երախաներու ընդհանուր թիւը հասնի 250-ի։ Մեր նպատակը աշխատանքը ընդարձակելն է եւ այդ ուղղութեամբ է, որ նոր ծրագրեր կը մշակենք։

Թիւֆէնքեան» հիմնադրամը քանի՞ տարուան անցեալ ունի։

– Գալ տարի կը լրանայ Հայաստանի մեր գործունէութեան 20-ամեակը, իսկ Արցախի մէջ մեր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Այլ խօսքով՝ 2018-ը անկիւնադարձային թուական մը պիտի ըլլայ մեզի համար։ Ըսեմ, թէ Հիմնադրամը ստեղծուած է գործարար Ճէյմզ Թիւֆէնքեանի կողմէ, որ նախքան հայաստանեան իր գործունէութիւնը, աշխատած է Նեփալի մէջ եւ հոն ալ ամէն ջանք թափած է ընկերային արդարութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Ան երբ եկած է Հայաստան, վերագտած է իր հայութիւնը եւ մեծ ներդրումներ կատարած է. ատեն մը աւելի քան հազար հոգի իր քովը կ՚աշխատէր։ Իրեն կը պատկանի ցանցը հայկական ժամանակակից ոճով պանդոկներու, որոնք կը գտնուին Դիլիջան, Սեւան, Լոռի եւ Երեւան։ Իրեն համար Արցախի հողերուն ծաղկումը, բնակչութեան տնտեսական եւ ընկերային կեանքի բարելաւումը միշտ ալ առաջնահերթութիւն եղած են։

Որքա՞ն է ձեր տարեկան պիւտճէն։

– Տարուէ տարի կը տարբերի։ Ընդհանուր առմամբ Հայաստանի եւ Արցախի համար տարեկան շուրջ մէկ միլիոն կը յատկացուի։ Ատիկա կախեալ է մշակուած ծրագրերէն։ Օրինակ այս տարի հսկայական ծրագրեր ունինք եւ պիւտճէն վստահաբար մէկ միլիոնը կ՚անցնի։ Քաշաթաղի շրջանին մէջ արդէն բնակարաններ յանձնուած են Սուրիահայերուն։ Հոն պիտի նորոգուի նաեւ ջրամբարը։ Մեզի համար Քաշաթաղը (նախկին Լաչինի շրջանը) ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի։ Մեր աշխատանքը ընդհանրապէս կը կեդրոնացնենք այն շրջաններուն մէջ ուր կարիքը մեծ է եւ օժանդակող կազմակերպութիւններու պակասը զգալի է։ Առաջամուղի դպրոցն ու բուժարանն ալ կը վերանորոգենք, ինչպէս նաեւ զինուորներուն տուները։ Հոն, ի մէջ այլոց, հինգ հեկտար տարածութեամբ նռնենիներ տնկած ենք։ Նոյնքան նուռի ծառեր տնկած ենք նաեւ ազատագրուած Երիցվանքի մէջ։ Ջերմոցներ ստեղծած ենք զանազան գիւղերու մէջ, որպէսզի բարելաւուի գիւղատնտեսութիւնը։ Միջնաւանի մէջ շուրջ 300 հեկտար հողերու վրայ պիտի ցանենք հացահատիկ՝ ցորեն, գարի։ Ըսեմ, թէ մեր բարերարներէն մէկը Բերձորի շրջանին մէջ մոմաթերթի գործատուն հիմնած է, որպէսզի փեթակներուն մէջ դրուող մոմաթերթը շրջանի գիւղացիներուն տրամադրուի յարմար գիներով։ Այլ խօսքով հիմա մեր աշխատանքի ամենէն տաք պահն է։

Ձեր գործունէութեան արդիւնքը գոհացուցի՞չ է։

– Պէտք է ըսել, թէ կարիքները այնքան շատ են, որ մենք միշտ արդիւնքէն աւելի յաջորդ քայլին մասին կը մտածենք։

Դուք ըսիք թէ բնակարաններ կը տրամադրէք կարօտեալ ընտանիքներուն։ Հետաքրքրական է գիտնալ, թէ մարդիկ երկար ժամանակ կը մնա՞ն հոն, թէ ատեն մը ետք կը ձգեն կ՚երթան։

Ր.Տ. – Պետութիւնը այդ ուղղութեամբ յստակ քաղաքականութիւն մշակած է։ Տրամադրուած բնակարանին մէջ նուազագոյնը տասը տարի բնակելէ ետք է, որ կրնաս տունին սեփականատէրը ըլլալ։ Նոյնը կը վերաբերի նաեւ մշակելի հողերուն։ Բնակարանին հետ իւրաքանչիւր ընտանիքին հող ալ կը տրամադրուի, որպէսզի ան կարենայ վար ու ցանք ընելով իր ապրուստը հոգալ, այնպէս որ առայժմ ձգող-գացող չկայ։ Օրինակ մը բերեմ։ Քամիշլիէն Սուրիահայեր եկած են, որոնք Կովսականի կամ Իշխանաձորի շրջանը կը մնան։ Անոնք ո՛չ միայն ինքնաբաւ են, այլ նաեւ սկսած են լուրջ գործարարութեամբ զբաղելու. հազարաւոր հեկտարներու վրայ գարի կամ եգիպտացորեն կը ցանեն եւ առեւտուր ընելով իրենց կեանքը կը բարելաւեն։ Միւս կողմէ, մարդիկ ալ կան, որոնք խորհրդային շրջանէն մնացած հոգեբանութեամբ աշխատելու սիրտ չունին կամ յաւելեալ բան մը ընելու ջանք չեն թափեր եւ նուազագոյնով կը բաւարարուին։ Պէտք է ըսել, թէ ազատագրուած տարածքներու մէջ հսկայական հողեր կան եւ կամք ունեցողը անպայման հոն կրնայ յաջողիլ։

Պետութեան հետ կը համագործակցի՞ք։

– Անշուշտ թէ Արցախի պետութեան հետ սերտօրէն կը համագործակցինք, նկատի ունենալով որ մեր նպատակն է աջակցիլ վերաբնակեցման ծրագրին։

Ինչպէս ծանօթ է, ազատագրուած որոշ շրջաններ անորոշ վիճակի մէջ են եւ տակաւին այդ ուղղութեամբ միջազգային համաձայնութիւն մը չէ գոյացած՝ Հայերը զանոնք ազատագրուած տարածք կը համարեն, ուրիշներ՝ «գրաւեալ տարածք», միջազգային կազմակերպութիւնները՝ «յանձնելի տարածքներ»…։ Այս առընչութեամբ մտահոգ չէ՞ք։ Ի՞նչ կը մտածէք։

– Ազատագրուած տարածքներ կան, որոնք յանձնելի չեն։ Եթէ Քաշաթաղը եւ Քելբաջարը յանձնենք, կը նշանակէ որ Հայաստանն ու Արցախը կը յանձնենք։ Այդ պարագային այս ամբողջ պատերազմը յանուն ինչի՞ մղուեցաւ։ Փորձեցէք Արցախցիի մը նոյնիսկ հարցում ուղղել այդ ուղղութեամբ։ Անկարելի բան է։ Ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ո՛չ Հայաստանի պետութիւնը եւ ո՛չ ալ Արցախի նախագահը կրնայ նման գործողութեան համաձայն ըլլալ։ Ըստ իս, այսօր հասած է պահը, որ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի իշխանութիւնները պէտք է այս ուղղութեամբ լուրջ յայտարարութիւններ ընեն։ Կը կրկնեմ, թէ այդ հողերը սակարկելի չեն եւ արեան գնով գծուած սահմանները այդպէս ալ կը մնան։ Ազատագրուած հողերը նախ եւ առաջ ազէրպայճանական հող չեն եւ երբեք ալ չեն եղած, իսկ երկրորդը՝ 1918-էն առաջ Ազէրպայճան անունով պետութիւն գոյութիւն չէ ունեցած։ Կ՚ենթադրեմ, թէ միջազգային հանրութեան համար այս հարցերը երկրորդական են եւ ան կ՚ուզէ լուծում մը գտնել գոյութիւն ունեցող իրականութեանց հիման վրայ։ Բայց գոյութիւն ունեցող իրականութիւնը մենք պէտք է պարտադրենք, ինչպէս որ եղած է այլ երկիրներու պարագային։ Քոսովօն ալ առանձին պետութիւն չէր, իսկ այսօր միջազգայնօրէն ճանչցուած է։

Ինչ կը վերաբերի մարդկային իրաւունքներու կամ ընկերային արդարութեան հարցերուն՝ ինչպէս գիտենք, ձեր հիմնադրամը աշխատանք տարաւ որպէսզի դէտի կարգավիճակով արուեստագէտներ մասնակցին վերջին ընտրութիւններուն։ Ի՞նչ կ՚ըսէիք այդ գործընթացի մասին։

– Հրաւիրուած արուեստագէտները մենք Արցախ տարինք, որպէսզի ականատես ըլլան տարուած աշխատանքներուն եւ հանդիպումներ ունենան բնակչութեան եւ զինուորներուն հետ։ Իսկ Հայաստանի մէջ «Թիւֆէնքեան»-ը համագործակցեցաւ տարբեր կազմակերպութիւններու հետ՝ քաջալերելու համար արդար ընտութիւնները։ Օրինակ՝ «DEPOP»-ի հետ աշխատակցելով՝ տեսահոլովակներ պատրաստեցինք եւ հրապարակեցինք, որոնք կը «խօսէին» ընտրակաշառքի չարիքներուն դէմ։ Գիտէք, ընկերային արդարութիւնը որեւէ երկրի յաջողութեան գրաւականն է։ Արտագաղթը կանխելու համար ալ արդար հասարակարգ պէտք է ունենալ։

Այս շրջագիծին մէջ ո՞ւր կը տեղաւորուին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները։

Ր.Տ. – Այս պարագային ես կրնամ պարզապէս իմ անհատական տեսակէտները յայտնել։ Կ՚ենթադրեմ թէ Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ։ Սփիւռքի գոյութիւնը պէտք է արդարացուի Հայաստանով։ Սփիւռքը պէտք է ապրի՛ որպէսզի Հայաստանի վիճակը բարելաւուի եւ ո՛չ թէ Հայաստանը դատարկուի եւ Սփիւռքը ուռճանայ։ Ընդհակառակն։ Սփիւռքի միա՛կ նպատակը պէտք է ըլլայ հզօրացնել Հայաստանը եւ պահպանել Արցախի հողային ամբողջականութիւնը։ Սփիւռքը պէտք է աջակցի, որպէսզի հայրենիքի մէջ հաստատուի ընկերային արդարութիւնը։

Բայց ցարդ միթէ՞ այդպէս չէ եղած։

– Այո՛, Հայկական Սփիւռքը արթուն է եւ ցարդ ըստ այդմ գործած է։ Սակայն ըստ իս՝ կարծէք թէ մեծամասնութիւնը այլեւս չ՚ուզեր Հայաստանի ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալ եւ կ՚ըսէ՝ «մենք Հայաստանին կ՚օգնենք եւ թող ինք իր ներքին հարցերը կարգաւորէ»…։ Բայց եթէ մենք իբրեւ հայ պարտաւոր ենք հայրենիքին օժանդակելու, միաժամանակ պարտաւոր ենք նաեւ արդարութիւն, ժողովրդավարութիւն պահանջելու։ Պարտաւոր ենք աջակցելու երկրի բարգաւաճման, որպէսզի ժողովուրդին ո՛չ թէ 5 տոկոսը զարգանայ, այլ՝ 100 տոկոսը։ Ճիշդ է որ Սփիւռքը պէտք է իր ներդրումները բազմացնէ, բայց պէտք է նաեւ ատոր տասնապատիկն ալ պահանջատէր ըլլայ։ Միեւնոյն ժամանակ պէտք է ի մտի ունենալ որ Սփիւռքը կթան կով չէ եւ Հայաստանն ալ չ՚ուզեր Սփիւռքը կթան կով տեսնել։

Ատոր համար Սփիւռքը պէտք է կազմակերպուած ըլլայ, բայց այսօր հոն բաւական լուրջ ներքին հարցեր կան…

– Սփիւռքի խնդիրներէն մէկն ալ այն է, որ այսօր սկսած է ղեկավարուիլ Հայաստանէն, քանի որ բաւական մեծ ներուժ ներկայացնող սփիւռքեան կուսակցութիւնները —որոնք կը գործեն նաեւ Հայաստանի մէջ— կարծէք թէ իրենց անկախ կեցուածքը սկսած են կորսնցնելու եւ ղեկավարուելու հայաստանեան իրենց գրասենեակներէն։ Իսկ Հայաստանեան իրականութիւնը այն է, որ բոլորը կապուած են իշխանութիւններուն եւ այս վերջինները կամաց-կամաց սկսած են Սփիւռքի քաղաքական ուժերուն վրայ ալ իրենց տիրակալութիւնը պարտադրել։ Եւ ասիկա վտանգաւոր երեւոյթ մըն է։ Ըստ իս՝ թէ՛ Սփիւռքը եւ թէ՛ հայրենի ժողովուրդը պէտք է ժողովրդավար, զարգացած, արդար եւ անկախ դատական համակարգով պետութիւն մը ունենալու ուղղութեամբ աշխատին։ Որովհետեւ կաշառուած եւ անարդար կարգերով երկրի մը մէջ բոլոր ներդրումները կը փոշիանան։

Ատոր համար արդեօք պէտք է, որ սփիւռքեան կուսակցութիւնները վերաթարմանա՞ն, թէ՞ հարկ է նոր կառոյցներ ստեղծել։

– Ես չեմ կարծեր, որ կուսակցութիւնները կրնան վերաթարմանալ։ Տեսակէտս այն է, որ ներկայիս կան մասնագիտական խումբեր, քաղաքական խմբաւորումներ, ակադեմական կամ գործարար շրջանակներ, հասարակական կազմակերպութիւններ, որոնք պէտք է այլ ուժերու, ներառեալ կուսակցութիւններու հետ միասնաբար աշխատին, որպէսզի համահայկական ժամանակացոյցը յստականայ։

Ինչպէս քիչ առաջ ըսի, Սփիւռքը բաւական բարդ խնդիրներ կը դիմագրաւէ՝ երիտասարդութեան հայկական դիմագիծ մը տալու, կրթական հասարակարգ մը ստեղծելու, ընկերային ցանցեր զարգացնելու առումով։ Օրինակ՝ Ֆրանսայի մէջ երիտասարդութեան հազիւ քանի մը տոկոսը ներգրաւուած է հայկական այսպէս կոչուած «ցանցերու» մէջ։ Հետեւաբար այդ քանի մը տոկոսի հայաստանեան ներդրումը կշիռ չի ներկայացներ…

– Ամերիկայի մէջ ալ նոյնն է պարագան։ Դժբախտաբար ես արդէն այդ մնացեալ մեծամասնութիւնը գրեթէ կորսուած կը համարեմ։

Բայց այդ ուղղութեամբ աշխատանք պէտք չէ՞ տարուի։

– Պէտք է յստակացնենք թէ յանուն ինչի՞ աշխատանք պէտք է տարուի։ Ըստ իս՝ Սփիւռքը պէտք է դառնայ հայաստանակեդրոն։

Անկախութեան առաջին տարիներէն կուսակցութիւնները դարձան հայաստանակեդրոն։ Այդ ընթացքը վնաս բերաւ Սփիւռքի մէջ կուսակցութիւններու աշխատանքին եւ արդիւնքը եղաւ այն, որ անոնք այլեւս Հայաստանէն կը ղեկավարուին։ Սփիւռքը պէտք է կարենայ ինքնաբաւ ըլլալ, որպէսզի կարողանայ աւելի լաւ ձեւով օգտակար հանդիսանալ Հայաստանին։ Պէտք է հզօրացնել Սփիւռքի կառոյցները, պատրաստել իր ինքնութեան գիտակից երիտասարդներ։ Քաղաքական նոր յղացքի հարց մը չկա՞յ հոս։

– Ատոր համար նախ պէտք է ճշդենք մեր առաջնահերթութիւնները։ Օրինակի համար Քաթարի մէջ շուրջ 500 հաշուող փոքրիկ հայ համայնք մը կայ։ Հոն մէկ միլիոն տոլար ծախսած եւ եկեղեցի մը կառուցած են։ Անշուշտ որ եկեղեցին կարեւոր է, բայց աւելի լաւ պիտի չըլլա՞ր որ ատոր փոխարէն Հայաստանի գիւղերուն մէջ տասը դպրոց կառուցուէր։ Հոս է, որ առաջնահերթութեան հարց կը դրուի։

Այնպէս կ՚երեւի որ Հայաստանի մէջ դրամը չէ որ պակաս է, այլ այդ դրամը ճիշդ ձեւով օգտագործելու եւ բաշխելու խնդիր կայ։

– Իրաւացի էք, Հայաստանի մէջ դրամը փոքրամասնութեան մը ձեռքն է եւ ատոր համար է, որ պէտք է արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հաստատուի։ Իսկ վերադառնալով Սփիւռքի հարցին, ես կ՚ըսէի թէ Սփիւռքը պէտք չէ մնայուն համարել։ Մնայունը՝ Հայաստանն է, որու իւրաքանչիւր քարը դարերով կը դիմանայ…։ Հայաստանի յառաջդիմութեան գրաւականը երիտասարդութիւնն է։ Հետեւաբար պէտք է հսկայական ներդրումներ ընել կրթական համակարգը զարգացնելու համար։

Հարցազրոյցը վարեց
Ժիրայր Չոլաքեան

Լուսանկարը՝  artsakhpress.am-ի

Բաժիններ
Ուղիղ
Լրահոս
Որոնում