«Նոր Յառաջ» – Արցախեան պատերազմի խաղաղ լուծում, Հայաստանի տնտեսական զարգացում եւ 2018-ին՝ Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու համագումարի կազմակերպում. ահա այն գլխաւոր նիւթերը, որոնք պիտի քննարկուին Ֆրանսայի եւ Հայաստանի նախագահներուն կողմէ, Սերժ Սարգսեանի Ֆրանսա այցին ընթացքին։
Ասոնց կողքին Հայաստանի նախագահը իբրեւ Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ ունի նաեւ ընտրապայքարի մտահոգութիւն։ Ֆրանսա այցելութիւնը իրեն կ՚ընծայէ քարոզչական աշխատանք տանելու առիթ, նուազ՝ Սփիւռքի ղեկավարութիւնը համոզելով իր նախագահած կուսակցութեան ծրագիրին համակիրներ եւ քուէարկողներ գտնելու առումով, քան՝ հեռատեսիլի միջոցով Հայաստանի լրասփիւռներուն մէջ երեւալու՝ Ֆրանսայի նախագահին, Փարիզի քաղաքապետուհիին եւ Եւրոպայի հայ համայնքի ղեկավարներուն կողքին որպէս միջազգային չափանիշով պետական դէմք։ Վերջիններս ընթրիքի մը հրաւիրած էր Սերքլը Էնթերալիէի մէջ։
Փոխադարձաբար՝ ֆրանսական կողմն ալ նախագահական ընտրապայքարի մէջ ըլլալով, քաղաքական հաշիւներէ զերծ չի մնար։ ՀՀ նախագահին Փարիզի եւ Լիոնի քաղաքապետներուն կողմէ ընդունուիլը նոյնպէս առիթ է Ընկերավարական կուսակցութեան համար՝ սիրաշահելու հայ համայնքը։
Վերջին շրջանին ազէրական յարձակումները, պատերազմը վերսկսելու վտանգը լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցին համայն Հայութեան մէջ։ Լափշինի յանձնումն ալ ֆրասացի եւ եւրոպացի քաղաքական եւ մարդկային իրաւանց շրջանակներուն յիշեցնելու առիթ էր արցախեան արդար դատին թիկունք կանգնելու հրամայականը։ Արցախեան խնդիրը պէտք չէ ծածկէ սակայն հայաստանեան երեսփոխանական ընտրապայքարը։ Հայաստանի ապագան կը պայմանաւորուի ներկայ ընտրութիւններով։ Արդար ընտրութիւնները նախապայման են երկրէն ներս որակային փոփոխութիւններ մտցնելու, ժողովուրդին ինքնավստահութիւնը վերահաստատելու, երկրին ապագային նկատմամբ արդիւնաւէտ նախաձեռնութիւններու դիմելու։
Նախագահին գալուստը զուգադիպեցաւ նաեւ «Սասնայ ծռեր»-ուն հաց բերողին՝ Արթուր Սարգսեանի երաշխաւորագինի փոխարէն բանտէն ազատ արձակումին, նկատի առած իր առողջական ծանր վիճակը։ Այս առթիւ ֆրանսահայ ընդդիմադիր վեց կազմակերպութիւններու նախատեսած ցոյցերը անկասկած իրենց ազդեցութիւնը ունեցան զայն ազատ արձակելու Հայաստանի կառավարութեան այս որոշումին մէջ։
Անցան այն օրերը երբ Հայաստանի նախագահին կամ պետական բարձր պաշտօնեայի մը գալուստը Սփիւռքի օճախներէն մէկուն մէջ կ՚ընդունուէր համայնքին ամբողջական զօրակցութեան արտայայտութեամբ։ Մինչ ֆրանսահայ ղեկավարութիւնը Հայաստանի նախագահէն յստակ պահանջ չունի եւ յստակ դիրքորոշում չի յայտներ, բնական է որ մարդկային իրաւանց հետամուտ փոքր կազմակերպութիւններ ստանձնեն այդ պատասխանատւութիւնը, ի վնաս Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային վարկին։
Այս այցելութիւնը եւ ընթրիքը առիթ են նաեւ նախագահին, որ ֆրանսահայ ղեկավարութիւնը համոզէ, զանոնք սիրաշահի որպէսզի ա՛լ աւելի ներդրումներ կատարեն Հայաստանի մէջ։ Սակայն այս հանգրուանին Հայաստանի եւ Ֆրանսահայութեան գործակցութիւնը կը մնայ թերխաշ, այնքան ատեն որ ան չէ անցած զգացականի սահմանը, այնքան ատեն որ չկայ Հայաստանի մէջ ազատութեան եւ արդարութեան իսկական ոգին։